Կրնա՞յ խաղաղութիւնը կայուն ըլլալ, եթէ անոր հասնելու գործընթացը կասկածի տակ կը դնէ պետութեան ինքնուրոյն որոշումներ կայացնելու կարողութիւնը. Վերա Եագուպեան. «Եռագոյն»

Եթէ Հայաստանի սահմանադրութիւնը տարածքային պահանջ չի ներկայացներ, ինչո՞ւ անոր փոփոխութիւնը կը դառնայ խաղաղութեան նախապայման: Իսկ եթէ այդ փոփոխութիւնը կը համապատասխանէ Հայաստանի պետական շահերուն, պէ՞տք է զայն մերժել միայն այն պատճառով, որ Ազրպէյճանն ալ նման պահանջ ներկայացուցած է:

Այս հարցումներուն պատասխանները պէտք է փնտռել իրաւական մեկնաբանութեան, քաղաքական նպատակներու եւ անոնց հետեւանքներու գնահատման մէջ, ոչ թէ` նախապէս որդեգրուած դիրքորոշումներու:

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան սահմանադրական բարեփոխումը կը ներկայացնէ իբրեւ Հայաստանի պետականութեան ամրապնդման եւ միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններուն վրայ հիմնուած պետական մտածողութեան հաստատման անհրաժեշտութիւն: Այս մօտեցումը ունի իր քաղաքական տրամաբանութիւնը: Պետութեան մը կայունութիւնը չի կրնար անվերջ կախեալ մնալ չլուծուած պատմական հակամարտութիւններէն: Պետական քաղաքականութիւնը պարտաւոր է հաշուի առնել ներկայ աշխարհաքաղաքական պայմանները, անվտանգութեան մարտահրաւէրները եւ զարգացման կարելիութիւնները:

Սակայն արդեօք քաղաքական իրապաշտութիւնը կը պահանջէ՞ պատմական յիշողութեան սահմանադրական արտայայտութեան վերանայում: Կրնա՞յ Հայաստան ընդունիլ իր միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմանները` առանց իր անկախութեան պատմական հիմքերը մերժելու:

Պատմական յիշողութիւնը եւ պետական քաղաքականութիւնը նոյն հասկացողութիւնները չեն: Պետութիւն մը կրնայ պահպանել իր պատմական գիտակցութիւնը` միաժամանակ իր արտաքին քաղաքականութիւնը կառուցելով միջազգային իրաւունքի եւ ներկայ սահմաններու ճանաչման սկզբունքներուն վրայ: Հետեւաբար խնդիրը պատմութիւնը պահպանելու կամ մոռնալու միջեւ ընտրութիւն մը չէ, այլ` պատմական ժառանգութիւնը ժամանակակից պետականութեան պահանջներուն հետ համադրելու կարողութիւնը:

Կրնա՞յ սահմանադրական փոփոխութիւն մը ինքնին երաշխաւորել խաղաղութիւնը:

Սակայն ո՞վ պէտք է որոշէ, թէ ո՛ր ընտրութիւնը կը համապատասխանէ Հայաստանի շահերուն:

Այստեղ կը յայտնուի սահմանադրական բանավէճին կարեւորագոյն մասնակիցը` Հայաստանի քաղաքացին:

Հանրաքուէ մը կրնայ ապահովել որոշումին ժողովրդավարական վաւերացումը, սակայն ժողովրդավարութիւնը միայն քուէարկութիւն չէ: Անիկա կը պահանջէ` տեղեկացուած հանրութիւն, ազատ բանավէճ, տարբեր տեսակէտներու արտայայտութեան հնարաւորութիւն եւ քաղաքական պատասխանատուութիւն:

Ի վերջոյ, Հայաստանի սահմանադրական երկընտրանքը պէտք չէ վերածել խաղաղութեան եւ ազգային ինքնութեան միջեւ ընտրութեան: Ո՛չ գործող սահմանադրութեան պահպանումը ինքնաբերաբար կը նշանակէ ինքնիշխանութեան պաշտպանութիւն, ո՛չ ալ անոր փոփոխութիւնը` ինքնիշխանութեան կորուստ:

Եւ վերջապէս, հարց տանք.

Կրնա՞յ խաղաղութիւնը կայուն ըլլալ, եթէ անոր հասնելու գործընթացը կասկածի տակ կը դնէ պետութեան ինքնուրոյն որոշումներ կայացնելու կարողութիւնը: Իսկ կրնա՞յ ինքնիշխանութիւնը ամուր ըլլալ, եթէ պետութիւնը անկարող է ապահովելու իր քաղաքացիներուն անվտանգութիւնն ու խաղաղ ապագան:

Վերա Եագուպեան

Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Եռագոյն»-ում

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Leave a comment