Վեհափառ Հայրապետն ու արքեպիսկոպոսները արծարծեցին կաթոլիկ եկեղեցւոյ հետ արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներու աստուածաբանական երկխօսութեան, Միջին Արեւելքի հայ, ասորի եւ ղպտի եկեղեցիներու գործակցութեան առնչուած հարցեր
Ուրբաթ, 6 Փետրուար 2026-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեցին ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ Տանիէլ Քուրիէ եւ Պուլոս Սաֆար արքեպիսկոպոսները: Յանուն Ն.Ս. Աֆրամ Բ. Պատրիարքին, այցելուները միջ-եկեղեցական կարգ մը հարցեր Նորին Սրբութեան ուշադրութեան յանձնեցին՝ ունենալու համար անոր տեսակէտը: Միջ-եկեղեցական բնոյթ ունեցող նիւթերու կարգին, Վեհափառ Հայրապետն ու արքեպիսկոպոսները արծարծեցին կաթոլիկ եկեղեցւոյ հետ արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներու աստուածաբանական երկխօսութեան, … Read more