«Գանձասար». Նախագահութեամբ հայ երեք համայնքապետներուն, եկեղեցիներու միութեան աղօթք կատարուեցաւ Կիրակի, 22 Փետրուար 2026-ին, կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ: Արարողակարգին հայ երեք համայնքապետներուն կողքին ներկայ գտնուեցան հոգեշնորհ հայր սուրբեր, արժանապատիւ քահանայ հայրեր, պատուելիներ եւ բարեպաշտ ժողովուրդը։
Օրուան բնաբանն էր՝ «Հայրս եւ ես մէկ ենք» (Յհ 10.30) եւ «Մէկ է մարմինը եւ մէկ՝ Սուրբ Հոգին, ինչպէս մէկ է յոյսը՝ որուն հրաւիրեց ձեզ Աստուած» (Եփ 4.4):
Ողջոյնի խօսք արտասանեց Հոգշ. Տ. Արմէն Աբղ. Գալաճեան, նշելով, որ այսօր համախմբուած ենք ո՛չ թէ որպէս անհատներ կամ առանձին համայնքներ, այլ որպէս մէկ ամբողջութիւն՝ Քրիստոսի խորհրդաւոր մարմինին: Հայր Սուրբը յայտնեց, թէ միութեան գաղափարը քրիստոնէական վարդապետութեան սիրտն է, աղօթքը մեր հոգիի շունչն է, իսկ միասնական աղօթքը՝ հզօր հողմ մը, որ կրնայ շարժել լեռները:
Հետեւաբար, ան նշեց, որ երբ միասին կ’աղօթենք՝ կը կատարենք Քրիստոսի վերջին եւ միութեան ամէնէն փափկանկատ փափաքը, որ արտայայտուեցաւ Գեթսեմանիի պարտէզին մէջ:
Արարողակարգին սկիզբը տեղի ունեցաւ երեկոյեան ժամերգութիւն: Այնուհետեւ ներկաները միասնաբար արտասանեցին 91-րդ սաղմոսը:
Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Պետ Վերապատուելի Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան իր պատգամը ուղղելով դիտել տուաւ, որ այս տարի իւրայատուկ է, որովհետեւ եկեղեցիներու միութեան աղօթքի բնաբանը ճշդուած է Հայ Եկեղեցւոյ կողմէ, հետեւաբար մեզի համար կրկնակի իմաստ եւ համախմբուելու պատճառ է, որպէսզի աղօթենք Հայ Եկեղեցիին մէջ, Հայ Եկեղեցիին համար եւ ընդլայնենք այդ հոգին համատարած ժողովուրդներու եւ եկեղեցիներու:
Վերապատուելին ի մի բերելով քրիստոնեայ եկեղեցիներու միութեան իբրեւ բնաբան ընտրուած համարը (Եփ 4.4) եւ այսօրուան համարը (Յհ 10.30), երկու էութենական ճշմարտութիւններ մատնանշեց.
– Էութենական միութիւնը, երբ Քրիստոս կ’ըսէ. «Ես եւ հայրը մէկ ենք», այս ինքնին էութենական է, որուն վրայ հիմնուած է Քրիստոսի եկեղեցին:
Ան յայտնեց, թէ այս բնաբանը հայկական երկիւղէն ծնած բնաբան է, երբ իբրեւ հայեր Հայաստանի եւ Հայաստանէն դուրս կ’ապրինք զանազան մարտահրաւէրներ: Ուստի, այսօր պէտք է յիշենք, որ աշխարհաքաղաքական զանազան դժուարութիւններուն առջեւ մեր ինքնութեան կողմնորոշման մէջ աղօթք կատարելու պարտաւորութեան դիմաց կը գտնուինք:
– Քրիստոսի կողմէ մեզի եկած աղօթելու պատուէրը հնարաւորութիւն տուաւ տեսնելու, որ մեզ միացնողը Քրիստոսի մարմինն է, որուն մէջ հսկայական շնորհք, քաղցրութիւն եւ ողորմութիւն կայ:
Վերապատուելին հրաւիրեց բոլորը պատկերացնելու Քրիստոսի մէկ ըլլալու իրողութիւնը՝ ամէն օր ջանալով Սուրբ Հոգիին Կրակը մեր մէջ վառ պահել, տարբերութիւններն ու զանազանութիւնները բաժանում համարելու տեղ ճոխութիւն պատկերացնել ու անոր մէջ հարստութիւն տեսնել՝ հասնելու համար Քրիստոսի մարմինին ամբողջական էութեան:
«Փրկութիւնը մէկ է, հոգին մէկ է եւ մեր հաւատքը մէկ է»: Վերապատուելին մաղթեց, որ այս մէկութիւնը մեզ գօտեպնդէ Հալէպի, Երեւանի, Հայաստանի տարբեր քաղաքներուն եւ սփիւռքի մէջ, որպէսզի Հայ Եկեղեցին Աստուծոյ վերահսկողութեամբ 301-էն մինչեւ օրս իր վրայ վերցուցած առաքելութեամբ շարունակէ շնչել եւ ապրիլ:
Համայնքներու ներկայացուցիչները աւետարանական հատուածներ ընթերցեցին եւ միութեան խնդրանքներ բարձրացուցին առ Աստուած:
Բերիոյ Թեմի Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդ Արհիապատիւ Տէր Պետրոս Արք. Միրիաթեան իր պատգամին մէջ եկեղեցիներու միութեան ձգտումը հրամայական նկատեց, նշելով, որ Քրիստոս աղօթեց, որ մենք մէկ ըլլանք: Ան նշեց, որ եկեղեցիներու միութեան ձգտումը ունի երեք մակարդակներ.-
Ա. Աղօթք, որովհետեւ եկեղեցիներու միութիւնը Աստուծոյ կողմէ տրուած շնորհք է:
Բ. Սէր իրարու հանդէպ՝ բարեսիրական գործերով եւ եղբայրասիրութեամբ: Ասոր վառ օրինակը կը հանդիսանայ Հալէպը իր բոլոր հաստատութիւններով եւ բարեսիրական միութիւններով:
Գ. Ճշմարտութիւն, որ ի յայտ կու գայ քով-քովի գալով, երկխօսութեամբ եւ լուսաբանութիւններ խնդրելով: Երկխօսութեան բարձր մակարդակի գործունէութիւն կը ծաւալեն «Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդ»ը, նաեւ Վատիկանը:
Վերոյիշեալ երեք մակարդակներուն կ’աւելնայ նաեւ նահատակութիւնը, որ մեզ կը միացնէ եւ որուն վերջին օրինակը հանդիսացաւ նահատակ Մալոյեան արքեպիսկոպոսի սրբադասումը:
Գերապայծառը մաղթեց, որ միութեան փափաքը միշտ արթուն մնայ մեր մէջ: Ան հրաւիրեց ներկաները համոզումով եւ հաւատքով աղօթելու, որպէսզի Ամենակալը միացնէ մեր եկեղեցիները, Հայաստանի եկեղեցի-պետութիւնը եւ մեր ժողովուրդի զաւակները:
Հուսկ, իր պատգամը փոխանցեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Գերապայծառին եւ Վերապատուելիին՝ միութեան ձգտող իրենց պատգամին համար:
Սրբազան Հայրը դիտել տուաւ, որ եկեղեցիներու միութիւնը բաւական բարդ գործընթաց է, աստուածաբանական եւ վարդապետական ժողովներով զանազան ուղղութիւնները մէկ ուղիի մէջ միաւորելու: Ան ամենակարեւորը ներքին միութիւնը համարեց, այլ խօսքով իւրաքանչիւր մարդ պէտք է Աստուծոյ, Քրիստոսի եւ Ս. Հոգիին հետ այդ միութիւնը զգայ եւ ապա իրմէ դուրս բացուի:
Սրբազան Հայրը յայտնեց, թէ Քրիստոս գիտէր, որ չարը պիտի փորձէ եկեղեցին ջլատել, բաժնել, բայց այդ բոլորը արգելք չեն, որ մենք միութեան ձգտում ունենանք: Ուստի, մեր պարտականութիւնն է աղօթել, բայց նախ մենք մեզի համար, որպէսզի Աստուած իր ճշմարտութեամբ սրբագործէ մեզ:
Սրբազան Հայրը հաստատեց, որ միութիւնը Քրիստոսի խաղաղութեամբ կ’իրագործուի: Ան կարեւոր նկատեց սէր ունենալ եւ ներքին խաղաղութեամբ միութիւնը պահել՝ Քրիստոսով, Ս. Հոգիով, աղօթքի զօրութեամբ, ձգտումով եւ կարօտով, որպէսզի հասնինք այն մակարդակին, ուր Քրիստոսով կարելի կ’ըլլայ միութիւնը իրագործել:
Սրբազան Հայրը հրաւիրեց բոլորը աղօթելու, յայտնելով, որ եկեղեցւոյ հայրերու համաձայն աղօթքը այն թելն է, որ մեզ Աստուծոյ կը միացնէ:
Աւարտին, ներկաները միաբերան «Տէրունական Աղօթք»ը արտասանեցին, ապա երեք համայնքապետներու օրհնութեան աղօթքով հաւատացեալները միութեան ձգտումով մեկնեցան եկեղեցիէն։
Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը: