ԱՄՆ Քոնկրեսի աւելի քան 100 անդամներ կոչ ըրած են Մարքօ Ռուպիոյին՝ կասեցնելու ամերիկեան զինուորական աջակցութիւնը Ատրպէյճանին

«Ասպարեզ». Քոնկրեսի աւելի քան 100 անդամներ՝ 26 ծերակուտականներ եւ Ներկայացուցիչներու տան 75 անդամներ, կոչ ըրած են արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոյին՝ կասեցնելու ամերիկեան զինուորական աջակցութիւնը Ատրպէյճանին՝ վկայակոչելով Պաքուի կողմէ ապօրինաբար պահուող հայ բանտարկեալներու դէմ արձակուած դատավճիռները, հայ քրիստոնէական ժառանգութեան ոչնչացումը եւ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին շարունակուող զինուորական բռնագրաւումը։

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին աջակցութիւնը վայելող երկկուսակցական նամակը նախաձեռնած են ծերակուտականներ Կերի Փիթըրզ, Էտըմ Շիֆ եւ քոնկրեսականներ Կաս Պիլիրաքիս ու Ֆրենք Փալոն։ Նամակին իրենց զօրակցութիւնը յայտնած են նաեւ Ծերակոյտի դեմոկրատ ղեկավար Չաք Շումըր եւ Ծերակոյտի ու Ներկայացուցիչներու տան շարք մը յանձնախումբերու եւ ենթայանձնախումբերու ղեկավարներ։

Նամակը պատասխանն է Թրամփի վարչակազմի որոշումին՝ երկարաձգելու «Ազատութեան աջակցութեան որոշում»ին 907րդ յօդուածի սահմանափակումներու շրջանցումը, որուն հետեւանքով կարելի պիտի ըլլայ շարունակել զինուորական աջակցութիւն տրամադրել Ատրպէյճանին։ Նախագահ Թրամփ նման քայլի մը դիմած էր նաեւ 2025 Օգոստոսին՝ Սպիտակ տան մէջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն հետ տեղի ունեցած գագաթնաժողովէն ետք, իսկ 2026 Յուլիսին Քոնկրեսին տեղեկացուցած էր այդ շրջանցումը երկարաձգելու իր մտադրութեան մասին։

«Ամերիկայի Քոնկրեսը յստակօրէն իր պատգամը յղած է՝ երկկուսակցական եւ երկպալատ հիմքով։ Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի ջախջախիչ՝ 44-7 քուէարկութենէն ետք, որ կը պահանջէր Ատրպէյճանէն ազատ արձակել հայ պատանդները, աւելի քան 25 նահանգներէ աւելի քան 100 օրէնսդիրներ այսօր կոչ ըրին Թրամփի վարչակազմին գործադրելու 907րդ յօդուածը եւ դադրեցնելու Ամերիկեան զէնքն ու օգնութիւնը ուժանիւթով հարուստ Ատրպէյճանին», ըսաւ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան, աւելցնելով․ «Ալիեւի կաշառակեր եւ ցեղասպան վարչակազմը ոչ կարիքն ունի, ոչ ալ արժանի է ամերիկեան առատաձեռնութեան՝ մանաւանդ երբ այսքան շատ ամերիկացիներ տնտեսական դժուարութիւններ կը դիմագրաւեն»։

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Leave a comment