ՀՅԴ Հայ դատի կենտրոնական խորհրդի նախագահ Հակոբ Տեր-Խաչատուրյանի խոսքը ՀՅԴ Հայ դատի համահայկական խորհրդաժողովի պաշտոնական բացման արարողությանը.
Գերաշնորհ Սրբազան Հայր, պատուարժան հիւրեր, ընկերներ ու հայրենակիցներ,
Ահաւասիկ հայրենիքի մէջ կրկին կը գումարենք ՀՅԴ Հայ Դատի համաշխարհային մեր ցանցի Խորհրդաժողովը, որ ընդհանրապէս երկու տարին անգամ մը տեղի կ’ունենայ քննարկելու համար անցնող երկու տարիներու մեր գործունէութիւնը, ՀՅԴ Ընդհանուր Ժողովներու ճշտած ռազմավարութեան կիրարկումի հնարաւորութիւններն ու ձեւերը արտաքին քաղաքական ոլորտէն ներս համաշխարհային ու հայրենի յարափոփոխ պայմաններու լոյսի տակ եւ բանաձեւելու յառաջիկայ երկու տարիներու առաջնահերթութիւններն ու զանոնք իրագործելու միջոցները:
Այստեղ համախմբուած են հայ դատի գրասենեակներու եւ յանձնախումբերու ներկայացուցիչները՝ շփումի մէջ մտնելու մեր հայրենի շարքերուն եւ ժողովուրդին հետ, անկաշկանդ կատարելու քննարկումներ եւ հանելու համապատասխան եզրակացութիւններ: Հայ Դատի մեր զինուորագրեալ ընկերներն ու համակիրները հայութեան երկրորդ բանակն են, որ կը մաքառի արտաքին աշխարհի քաղաքական, դիւանագիտական եւ միջազգային ազդեցիկ կազմակերպութիւններու հարթակներու վրայ հայութեան ու պետութեան շահերը պաշտպանելով եւ զանոնք առաջ տանելով բոլոր մակարդակներով: Այդ աշխատանքները կը սահմանուին հիմնականօրէն չորս ուղղութիւններով՝
Ա) Հայաստան եւ Արցախ
– Հայաստանի պետական հիմերու ամրապնդում, բարեկամ երկիրներու հետ կապերու զարգացում, ընդհանուր իրազեկում եւ տարբեր տիպի օժանդակութիւններու ապահովում, ինչպէս նաեւ՝ թուրք-Ազրպէյճանական հակահայ եւ հակաՀայաստան արշաւի դիմակայում (որոնցմէ նշենք Արեւմտեան Ազրպէյճանի քարոզչութիւնը, ՀՀի վրայ շարունակական ճնշումներն ու պահանջները, Սահմանադրական փոփոխութիւններու պահանջը, գրաւեալ շրջաններու հարցը, եւլն.).
– Արցախի պարագային՝ հայութեան վերադարձի իրաւունքի ապահովում անվտանգութեան միջազգային երաշխիքներով, գերիներու ազատ արձակում, Ազրպէյճանի ռազմական ոճիրներու եւ 2023-ի ցեղասպանութեան միջազգայնօրէն ճանաչում, մշակութային ժառանգութեան պահպանում եւ քաղաքական ու նիւթական օժանդակութիւններու ապահովում.
Բ) Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործընթացի խթանում մինչեւ Թուրքիոյ պաշտօնական ճանաչումը եւ անժամանցելի իրաւունքներու հատուցում եւ վերականգնում.
Գ) հարենիքէն դուրս աշխարհատարած հայ ժողովուրդի սահմանադրական, իրաւական, դաշնագրային, քաղաքական եւ համայնքային կամ փոքրամասնական իրաւունքներու պահպանում եւ ընդլայնում.
Դ) Սփիւռքի մէջ հայութեան՝ առհասարակ, եւ երիտասարդութեան՝ ի մասնաւորի, քաղաքականացում ու տարբեր երկիրներու մէջ քաղաքական կեանքի լիիրաւ մասնակցութիւն:
Բնականաբար, մեր գործը առաւելագոյնս կ’արդիւնաւորուէր ՀՀ իշխանութեան տարբեր օղակներու հետ համադրումի եւ դերերու բաշխման հասկացողութեամբ, որն ի զօրու էր մինչեւ 2020-ի Արցախեան երկրորդ պատերազմի աւարտը. այդ թուականէն ետք երբ ՀՀի իշխանութիւնները կտրականապէս երես դարձուցին ազգային գաղափարախօսութենէն, սաստկացուցին հայրենի ժողովուրդը պառակտելու իրենց քաղաքականութիւնը եւ զայն տեղափոխեցին նաեւ Սփիւռք, կամայական ու թելադրուած արդարադատական համակարգ հաստատեցին, քաղաքական նկատառումներով ՀՅԴի եւ առհասարակ ընդդիմութեան դէմ պայքար շղթայազերծեցին, ժողովրդավարութեան տեսքը պահելով խորքը դատարկեցին, Արցախի հիմնահարցը անտեսեցին, շարունակաբար արժեզրկեցին մեր ազգային արժէքներն ու ձգտումները, նոր ու ծայրայեղ արշաւի ձեռնարկեցին Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցուոյ եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի դէմ, այսպէս կոչուած «իրական» Հայաստանով դրժեցին մեր փառապանծ պատմութիւնը եւ ազգային ձգտումները, Անկախութեան հռչակագիրը նուաստացնելով, կեղծ եւ մուրացուող խաղաղութեան օրակարգով մոլորեցուցին ժողովուրդը եւ բազմիցս փաստեցին պարտուողական հոգեբանութեանբ թշնամիներուն միակողմանի զիջումներու պատրաստակամութիւնը … այդ համադրումի եւ դերերու բաշխման կապը լրիւ խզուեցաւ:
Երբ աշխարհով մէկ կը պայքարէինք Թուրքիա-Ատրպէյճան թանտեմի հակահայ արշաւին, խեղաթիւրումներուն եւ տակաւ աճող յարձակողապաշտ ու փան-թուրանական ախորժակներուն դէմ՝ անհաւասար ոյժերով այդ պայքարին մէջ գրանցելով լուրջ յաղթանակներ, բոլորիս անհաւատալի կը թուէր թէ թշնամիներու կողքին եւ մեզ կռնակէն հարուածող անխնայ պայքար պիտի բանար մեր դէմ նաեւ ՀՀ իշխանութիւնները՝ վարչապետի, նախարարներու եւ ԱԺ հարթակէն հնչած անպատասխանատու զրպարտութիւններով, օտար պետութիւններու մօտ ՀՀ շատ մը ներկայացուցիչներու ու պետական այցելուներու կեցուածքով եւ քարոզչութեամբ եւ Սփիւռքի մէջ իր հակակշռին ենթակայ կամակատար կառոյցներ յառաջացնելով եւ գործի մղելով: Անհասկնալին եւ անընդունելին այն է, որ այս ձեւով ՔՊ-ական վարչակարգը ինքն իր ոտքին կը կրակէր փորձել թուլացնելով այն օղակը, որ օրն ի բուն կ’աշխատէր, ու կ’աշխատի, հայրենի պետութեան ամրապնդման ու հայութեան շահերու պաշտպանութեան համար:
Բայց մենք ընկրկողը չենք. մենք ամրօրէն կը հաւատանք մեր կեցուածքներու արդարութեան, որոնք հիմնուած են մեր պատմութեան, մեր անժամանցելի իրաւունքներու եւ մարդկային վսեմագոյն արժէքներու վրայ։ Մենք ականատեսն ենք Հայ Դատի հանդէպ համահայկական նեցուկին, որը ցայտուն վկայութիւնն է մեր պայքարի ու պահանջատիրութեան արդարացիութեան. նաեւ՝ քաջ կը գիտակցինք որ իշխանութիւնները գնայուն են, իսկ պետութիւնը մնայուն: Մենք պարտք ունինք ո՛չ միայն մեր նահատակներու առջեւ, այլ նաեւ հայ նոր սերունդի։
Ուստի, շարունակելու ենք Հայ Դատի մեր ծաւալուն գործունէութիւնը՝ անվարան ու կրկնապատկուած վճռակամութեամբ, մինչեւ մեր ազգային նպատակներու լիակատար իրագործումը:
Շնորհակալութիւն ձեր բոլորին՝ ձեր ներկայութեան, հաւատքին ու աջակցութեան համար:
ՀՅԴ Հայ դատի կենտրոնական խորհրդի նախագահ Հակոբ Տեր-Խաչատուրյան
Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը: