Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւնը խստօրէն կը դատապարտէ Լեռնային Ղարաբաղի՝ Արցախի, Գանձասարի վանքին մէջ վերջերս կազմակերպուած ցուցադրութիւնը։
Դիւանագէտներու եւ օտարերկրեայ այլ ներկայացուցիչներու ներկայութեան՝ Ալիեւի վարչակարգը ներկայացնող պաշտօնատարներ ցուցադրած են ձեռագիրներու թանգարանային կրկնօրինակներ՝ միաժամանակ առաջ քաշելով պնդումներ, որոնց նպատակն էր Գանձասարը անջատել իր պատմականօրէն հաստատուած հայկական քրիստոնէական ինքնութենէն։
Նման բեմադրութիւն մը կը փորձէ նսեմացնել Արցախի հայկական քրիստոնէական ժառանգութիւնը եւ կասկածի տակ դնել անոր համընդհանուր ճանաչումը։
Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ պատմութիւնը հիմնուած է դարերով ուսումնասիրուած եւ անկախ գիտական շրջանակներու կողմէ հաստատուած ժառանգութեան վրայ, որը դարեր շարունակ վաւերագրուած է, հասանելի է սկզբնաղբիւրներու միջոցով եւ պահպանուած է աշխարհի կարեւոր ձեռագրատուներուն ու մշակութային հաստատութիւններուն մէջ։
Մեր խօսքը կ’ուղղենք նաեւ այն դիւանագէտներուն, որոնք մասնակցեցան Գանձասարի վանք կատարուած այցելութեան։ Կը հաստատենք, որ դուք ներկայ գտնուեցաք մանրակրկիտ կերպով կազմակերպուած ցուցադրութեան մը, ուր ձեռագիրներու թանգարանային կրկնօրինակները ներկայացուեցան իբրեւ ապացոյց՝ ընդդէմ Գանձասարի պատմականօրէն հաստատուած հայկական քրիստոնէական ինքնութեան։ Այդ ներկայացումը ընդունելով՝ առանց անկախ քննութեան, պատշաճ ստուգման եւ անհրաժեշտ ուսումնասիրութեան, ձեր այցելութիւնը դիւանագիտական կշիռ հաղորդեց Ալիեւի վարչակարգին կողմէ շարունակուող քաղաքական նախաձեռնութեան մը, որ կը փորձէ Արցախի քրիստոնէական յուշարձանները անջատել իրենց լաւ փաստագրուած պատմութենէն։
Ձեր դիւանագիտական գործունէութիւնը պարտականութիւն կը դնէ ձեր վրայ՝ գիտակցելու այն պահերը, երբ հիւրընկալ պետութիւնը ընտրովի կերպով կը ներկայացնէ նիւթեր՝ քարոզչական նպատակներ հետապնդելով։ Այդ պարտականութիւնը չկատարելով՝ դուք առիթ տուիք վիճարկելի պնդումներու տարածման՝ պաշտօնական դիտարկման քօղին տակ, միաժամանակ թուլացնելով այն պատշաճ քննութեան չափանիշը, որ պարտադիր է դիւանագիտական գործունէութեան համար։
Աւելին՝ կը հաստատենք, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ տեւական խաղաղութիւնը չի կրնար հաստատուիլ հայկական մշակութային ժառանգութեան պղծման գնով։ Իբրեւ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ նուիրապետական չորս Աթոռներէն մէկը եւ աշխարհի հնագոյն հայկական սփիւռքեան հաստատութիւնը՝ կոչ կ’ուղղենք Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան այն ներկայացուցիչներուն, որոնք իրենք զիրենք կը ներկայացնեն իբրեւ այս խաղաղութեան գործընթացին երաշխաւորներ, գիտակցելու, որ առաջարկուող որեւէ խաղաղութիւն պէտք է հիմնուած ըլլայ պատմական ճշմարտութեան վրայ։
Կոչ կ’ուղղենք Հայաստանի Հանրապետութեան Կառավարութեան՝ պատշաճ կերպով դատապարտելու պատմութեան վերախմբագրման այս փորձերը, ինչպէս նաեւ այն պետութիւնը, որ խաղաղութեան մասին խօսելու զուգահեռ կը գործադրէ՛ զանոնք։ Կը հաստատենք, որ պետութիւն մը, որ մէկ ձեռքով դիւանագիտական հաւաստիքներ կու տայ, իսկ միւսով հրապարակաւ կը նսեմացնէ մեր հայկական քրիստոնէական յուշարձանները, չի կրնար նման խաղաղութեան իսկական գործընկեր հանդիսանալ։
Աւելին՝ կը հաստատենք, որ պատմական վերախմբագրման նման պատկերացումներու հիման վրայ կնքուած որեւէ խաղաղութեան համաձայնութիւն բովանդակազուրկ պիտի մնայ եւ դատապարտուած պիտի ըլլայ ձախողման։ Հայաստանի Հանրապետութիւնը պարտաւոր է խիստ եւ վճռական դատապարտութեամբ հանդէս գալ։
Հայկական քրիստոնէական ժառանգութեան դէմ գործադրուող բացայայտ ոտնձգութիւններուն դիմաց Հայաստանի կառավարութեան վերջին շրջանի լռութիւնն ու կիսատ միջոցները միայն կը քաջալերեն պատմական եւ կրօնական խեղաթիւրման նոր գործողութիւններ։
Կոչ կ’ուղղենք Հայաստանի իշխանութիւններուն այն շրջանակներուն, որոնք տակաւին կը վարանին մերժելու եւ դատապարտելու այս արարքները, չամչնալու իրենց հայկական քրիստոնէական ինքնութենէն՝ տեղի տալով համաշխարհայնացման դարաշրջանի այն դիւանագիտութեան, որ քրիստոնեայ ժողովուրդներէն կը պահանջէ անտեսել սեփական պատմութիւնը՝ ժամանակաւոր աշխարհաքաղաքական կայունութեան դիմաց։
Հայաստանի իշխանութիւններուն այդ շրջանակներուն կը յիշեցնենք նաեւ, որ նման արարքները դատապարտելու հարցին մէջ ցուցաբերուած վարանումը որեւէ պարագայի չի կրնար պետական խոհեմութիւն կամ պետական մտածողութիւն նկատուիլ։ Ընդհակառակն՝ անիկա նահանջ է հայ քրիստոնեաներու յիշողութեան պաշտպանութենէն, այն յիշողութեան, որուն պաշտպանութիւնը հայ ժողովուրդը տակաւին կը սպասէ իր ղեկավարներէն։
Հայաստանի կառավարութիւնը պարտաւոր է անվարան եւ առանց արդարացումներու պաշտպանելու այն քրիստոնէական ժառանգութիւնը, որ տասնեօթ դար շարունակ ձեւաւորած է հայ ժողովուրդի ինքնութիւնը։
Փաստերը կը վկայեն նաեւ, որ Ատրպէյճանի կառավարութիւնը անհրաժեշտ նկատած է զգալի դիւանագիտական միջոցներ տրամադրել՝ արտաքին հաստատումներ ապահովելու նպատակով, ներառեալ Վատիկանի ուղղութեամբ տարուած լոպպիստական աշխատանքները՝ իր սահմաններուն մէջ քրիստոնէական պատմութեան վերախմբագըրւած տարբերակ մը ընդունելի դարձնելու համար։
Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին երբեք նման արշաւներու կարիք չէ ունեցած՝ իր աւանդութեան հեղինակութիւնն ու պատմական տեղը հաստատելու համար։
Այդ աւանդութիւնը վաղուց անտի լուրջ ուսումնասիրութեան եւ ցուցադրութեան առարկայ դարձած է միջազգային հեղինակութիւն վայելող հաստատութիւններու մէջ։ Անոնց շարքին են Երեւանի Մատենադարանը, Բրիտանական Գրադարանի հայկական ձեռագիրներու հարուստ հաւաքածոները, Օքսֆորտի Համալսարանի Պոտլեան Գրադարանի հաւաքածոները, Ֆրանսայի Ազգային Գրադարանը, Վենետիկի եւ Վիեննայի Մխիթարեան միաբանութիւններու գրադարանները, Նիւ Եորքի «Մեթրոփոլիթըն» Արուեստի Թանգարանի մշտական հաւաքածոները, ինչպէս նաեւ Հարվըրտի, Օքսֆորտի, UCLA-ի եւ Քոլումպիա Համալսարանի հայագիտական ամպիոններն ու ծրագրերը եւ այլ հաստատութիւններ։
Այս կեդրոնները հայագիտական նիւթերը կ’ուսումնասիրեն անոնց գիտական արժանիքներուն հիման վրայ՝ առանց պետական հովանաւորութեամբ իրականացուող լոպպիստական աշխատանքի կամ պետական ծախսերու անհրաժեշտութեան։
Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւնը պիտի շարունակէ անշեղօրէն պաշտպանել հայկական քրիստոնէական այս ժառանգութեան ամբողջականութիւնն ու ճշմարտացիութիւնը՝ թէ՛ Երուսաղէմի մէջ եւ թէ՛ ամէնուր, ուր Արցախի հայկական քրիստոնէական յիշողութիւնն ու ինքնութիւնը կասկածի տակ կը դրուին։
ԴԻՒԱՆ Ս․ ԱԹՈՌՈՅ
Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւն
Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը: