Բազմամշակութային պատմութեամբ եւ հարուստ հնագիտական ժառանգութեամբ յայտնի, իսկ ներկայիս Թուրքիոյ տիրապետութեան տակ գտնուող Ալեքսանտրեթ նահանգի (Հաթայ) Տէօրթեօլ շրջանին Օզերլի թաղամասին մէջ, տարիներէ ի վեր անուշադրութեան մատնուած հայկական եկեղեցւոյ մը պատմական աւերակները պահպանուած են: Կը կարծուի, թէ անոնք 1877ին կառուցուած Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիին աւերակներն են: Այս մասին կը հաղորդէ Ermeni Haber-ը:
Թէեւ կառոյցին պաշտօնական անունը տակաւին յստակ չէ, բայց եւ այնպէս, Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանի արձանագրութիւններուն համաձայն, անիկա կրնայ ըլլալ նշեալ եկեղեցին: Պատմական աղբիւրներու համաձայն, 19րդ դարու վերջաւորութեան Օզերլին 300 տուն ունեցող աշխուժ բնակավայր մըն էր` 250 հայկական եւ 50 իսլամ ընտանիքներով: Գիւղին մէջ գործած են եկեղեցի, դպրոց, շուկայ եւ այլ կառոյցներ:
Այսօր եկեղեցւոյ շէնքը անմխիթար վիճակի մէջ է: Հին տանիքը փուլ եկած է, անոր վրայ ինքնաշէն փայտէ կառուցուածք մը եւ կղմինտր դրուած են, իսկ պատուհանները փակուած են պեթոնէ սալիկներով: Գլխաւոր մուտքին պատմական արձանագրութիւնն ալ ջնջուած է: Կառոյցը տարիներ շարունակ օգտագործուած է իբրեւ ախոռ եւ այծերու ապաստանարան:
Կը կարծուի, թէ եկեղեցւոյ պահպանութեան հիմնական խոչընդոտներէն մէկը անոր սեփականութեան անորոշ կարգավիճակն է: Տոմարներու արձանագրութիւններուն մէջ անիկա նշուած է իբրեւ «աւերակ շէնք եւ հողատարածք» եւ ոչ թէ՝ պատմական կամ կրօնական կառոյց:
Այսօր, փակ պատուհաններով, ներկուած ու վնասուած պատերով եւ քայքայուող տանիքով եկեղեցին Ալեքսանտրեթի բազմաշերտ պատմական ժառանգութեան լուռ վկան է` կանգնած ամբողջական կորուստի վտանգին առջեւ:
Նշենք, որ տեղական ինքնակառավարման մարմիններն ալ չեն կրնար վերականգնել մասնաւոր սեփականութիւն հանդիսացող, սակայն չարձանագրուած կամ արձանագրութեան գործընթացը փակուղի մտած նման կառոյցներ, Թուրքիոյ օրէնսդրութեան համաձայն:
Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը: