Արման Եղոյեանի` Ազգային ժողովի ամպիոնէն հնչեցուցած այն միտքը, թէ «որքան զօրաւոր է սփիւռքը, այնքան զօրաւոր է Հայաստանը» համոզումը միֆ (անհիմն համոզում, շինծու պատկերացում) է, կարելի չէ դիտել իբրեւ առանձին, պատահական կամ զուտ տեսական դատողութիւն: Ասիկա ամբողջովին կը տեղաւորուի վերջին տարիներուն իշխանութեան կողմէ յառաջ մղուող «Իրական Հայաստան» գաղափարախօսութեան տրամաբանութեան մէջ, որ հետեւողականօրէն կը փորձէ վերասահմանել Հայաստանի, սփիւռքի եւ համազգային նպատակներու փոխյարաբերութիւնը:
Խնդիրը միայն պատգամաւորի մը արտայայտութիւնը չէ: Խնդիրը այն քաղաքական մտածողութիւնն է, որուն մէջ Հայաստանի Հանրապետութիւնը աստիճանաբար կը ներկայացուի իբրեւ հայութեան քաղաքական, ազգային եւ պատմական օրակարգը սահմանող միակ կեդրոն, իսկ սփիւռքին կը վերապահուի այդ ուղղութեան հետեւողի կամ ենթակայի դեր:
Մինչդեռ նոյն Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութիւնը շատ աւելի յստակ եւ ամբողջական պարտաւորութիւն կը սահմանէ պետութեան համար: Ան կը նախատեսէ հայկական սփիւռքի հետ համակողմանի կապերու զարգացում, հայապահպանման ուղղուած քաղաքականութեան իրականացում եւ հայրենադարձութեան խրախուսում: Աւելի՛ն. Հայաստանի Հանրապետութիւնը միջազգային իրաւունքի հիման վրայ պարտաւորութիւն ունի նպաստելու այլ պետութիւններու մէջ հայոց լեզուի, հայկական պատմական ու մշակութային արժէքներու պահպանման, ինչպէս նաեւ հայ կրթական եւ մշակութային կեանքի զարգացման:
Այս սահմանադրական մօտեցումը շատ կարեւոր սկզբունք մը կը հաստատէ. սփիւռքը Հայաստանի Հանրապետութեան վարչական ստորաբաժանումը չէ, այլ` համազգային իրականութեան անբաժան մասը: Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւնը հրահանգողի եւ կատարողի յարաբերութիւն չի կրնար դառնալ: Ան պէտք է կառուցուի փոխադարձ յարգանքի, վստահութեան, պատասխանատուութեան եւ ազգային նպատակներու շուրջ համագործակցութեան վրայ:
Հետեւաբար, այսօրուան հրամայականը սփիւռքի ազդեցութիւնը սահմանափակելու քաղաքական կամ գաղափարական հիմնաւորումներ փնտռելը չէ: Հրամայականը ամբողջովին հակառակն է` գտնել այն միջոցները, որոնց շնորհիւ Հայաստանի եւ սփիւռքի կարողութիւնները պիտի միանան եւ փոխադարձաբար պիտի զօրացնեն զիրար:
Սփիւռքի զօրացումը ինքնին չի նշանակեր Հայաստանի թուլացում: Զօրաւոր սփիւռքը միջազգային քաղաքական շրջանակներու մէջ ազդեցութիւն է, տնտեսական եւ մասնագիտական ներուժ է, մշակութային ներկայութիւն է, կրթական համակարգ է, ազգային յիշողութիւն է եւ, կարեւորագոյնը, Հայաստանի կողքին կանգնելու եւ անոր զօրակցելու ներուժ է:
Առաւել մտահոգիչ է, որ սփիւռքի դերին այս վերաիմաստաւորումը կրնայ անդրադառնալ նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ պահանջատիրական պայքարին վրայ: Տասնամեակներ շարունակ սփիւռքը այդ պայքարին գլխաւոր շարժիչ ուժերէն մէկը եղած է: Ան Հայաստանի անկախ պետականութեան բացակայութեան երկար տասնամեակներուն պահպանած է ազգային պահանջը, պայքարած է ճանաչման համար, ստեղծած է քաղաքական եւ հասարակական ազդեցութեան կառոյցներ ու միջազգային օրակարգի վրայ պահած է Հայ դատը:
Երբ այսօր կը փորձուի սփիւռքի քաղաքական ինքնուրոյնութեան սահմանները նեղցնել եւ անոր հասկցնել, թէ ազգային օրակարգը պիտի ճշդուի միայն Երեւանի իշխանական կեդրոնէն, այդ մօտեցումը անխուսափելիօրէն կը հարուածէ նաեւ տասնամեակներով կերտուած պահանջատիրական համակարգը: Նման քաղաքականութիւն մը, անկախ անոր տրուած բացատրութիւններէն, կրնայ ծառայել Ցեղասպանութեան ճանաչման, հատուցման եւ պատմական արդարութեան հետապնդման համազգային պայքարը թուլացնելու գործընթացին:
ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ազդակ»-ում
Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը: