«Ճակատաբաց». արեւմտահայերէն նոր հարթակ մը՝ անկաշկանդ եւ խորքային զրոյցներու համար

ՍիվիլՆեթի եթերով իր գործունէութիւնը կը սկսի «Ճակատաբաց» փոտքասթ-հաղորդաշարը, որուն նպատակն է արեւմտահայերէնով քննարկել հայութեան առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները՝ Երեւանէն սփռուող թարմ հայեացքով մը։

Յայտագիրի հեղինակներն ու զրուցավարներն են խմբագիր-թարգմանիչ Ռուբէն Ճանպազեան (Թորոնթօ-Պոսթըն-Երեւան) եւ թարգմանիչ-հասարակական գործիչ Պետօ Տէմիրճեան (Պէյրութ-Աթէնք-Պրիւքսել-Երեւան), որոնք իրենց ընտանիքներով արդէն աւելի քան կէս տասնամեակէ հաստատուած են Հայաստան։

Այս ներածական դրուագին մէջ, Պետօն ու Ռուբէնը ՍիվիլՆեթի տնօրէն Աբօ Պողիկեանի հետ զրոյցի մը ընդմէջէն կը երկայացնեն իրենց անձնական ուղին եւ յայտագիրի հիմնական առաքելութիւնը։

Հիմնական կէտեր՝

Ինչո՞ւ «Ճակատաբաց». Անունը կը խորհրդանշէ անկեղծութիւն, թափանցիկութիւն, համարձակութիւն, ուստի յայտագիրը պիտի խուսափի մակերեսային լոզունգներէն: Ինչպէս զրուցավարները կատակով կը նշեն՝ անունը նաեւ բառացի է, քանի որ երկուքն ալ «ճակատաբաց» են (այսինքն՝ ճաղատ)։ Այս թեթեւութեամբ ալ յայտագիրը պիտի փորձէ «բաց ճակատով» քննարկել նոյնիսկ ամենէն սուր ու հակասական նիւթերը։ 

Անձնական փորձառութիւն. Զրուցավարները կը բաժնեկցին իրենց կեանքի ուղին՝ Կիպրոսի «Մելգոնեան» կրթական հաստատութեան եւ Թորոնթոյի ՀՕՄ-ի վարժարանի նստարաններէն մինչեւ Հայաստան հաստատուելու վերջնական որոշումը։ Զրոյցը կը խորանայ ընտանեկան այն ճակատագրական պահերուն վրայ, երբ Լիբանանի պայթումի ու Արցախեան 44-օրեայ պատերազմի օրհասական օրերուն, իրենց սիրելիներուն հետ տեղափոխուեցան հայրենիք՝ վերածելով տագնապը նոր սկիզբի։

Հայաստան-սփիւռք կապը. Հաղորդաշարը պիտի հիւրընկալէ ոչ միայն «հայրենադարձներ», այլեւ սփիւռքահայ մտաւորականներ, արուեստագէտներ, գործիչներ եւ բոլոր անոնց, որոնք ունին ըսելիք հայկական ինքնութեան, լեզուի եւ ապագայի տեսլականի մը մասին։

Արեւմտահայերէնի կենսունակութիւնը. Երեւանի մէջ արեւմտահայերէնով մնայուն փոտքասթ ունենալու անհրաժեշտութիւնը առաջնային է՝ լեզուն գործածելու որպէս ապրող եւ քննարկող միջոց։

Քաղաքակիրթ երկխօսութիւն. Նպատակն է ստեղծել այնպիսի միջավայր մը, ուր կարելի է յարգանքով լսել դիմացինի տարբերուող կարծիքը՝ կոտրելով կարծրատիպերն ու ստեղծելով մտաւորական նոր կամուրջներ։ 

«Ճակատաբաց»-ը կը հրաւիրէ իր ունկնդիրները միանալու այս խորքային նաւարկութեան՝ փնտռելու համար հայկական աշխարհի իրական հարցերուն պատասխանները։

The post «Ճակատաբաց». արեւմտահայերէն նոր հարթակ մը՝ անկաշկանդ եւ խորքային զրոյցներու համար appeared first on CIVILNET.

Leave a comment