ՀՅԴ-ի թեկնածու Տիանա Վարդանեան-Մարատեան նշանակուեցաւ Լիբանանի Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան ընդհանուր տնօրէն

Լիբանանի կառավարութիւնը 8 հոկտեմբեր 2026-ին նախագահական պալատին մէջ իր գումարած ժողովին կատարեց կարգ մը նշանակումներ, որոնց շարքին ՀՅԴ-ի թեկնածու Տիանա Վարդանեան-Մարատեան նշանակուեցաւ Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան ընդհանուր տնօրէն:

Տիանա Վարդանեան-Մարատեան իր մագիստրոսի վկայականը ստացած է Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանէն՝ հանրային կառավարման (Public Administration) մարզին մէջ, իսկ պսակաւոր արուեստից վկայականը՝ նոյն համալսարանէն՝ հանրային կառավարման մասնագիտութեամբ եւ հոգեբանութեան երկրորդ մասնագիտութեամբ։

Ան շուրջ քսան տարուան մասնագիտական փորձառութիւն ունի միջազգային կազմակերպութիւններու ծիրին մէջ, անոնցմէ շուրջ տասնհինգ տարին աշխատած է Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան Զարգացման ծրագիրին Լիբանանի գրասենեակին մէջ։ Իր գործունէութեան ընթացքին ան զբաղած է հանրային կառավարման եւ պետական հաստատութիւններու բարեփոխումներու, լաւ կառավարման, օրէնքի գերակայութեան, խորհրդարանական զարգացման, մարդու իրաւունքներու եւ հակափտածութեան ոլորտներուն մէջ կարողութիւններու զարգացման ծրագիրներու մշակումով եւ իրականացումով։

ՄԱԿ-ի Զարգացման ծրագիրին մէջ իր տարբեր պաշտօններուն ընթացքին ան աշխատած է Լիբանանի խորհրդարանին, պետական հաստատութիւններուն, նախարարութիւններուն եւ քաղաքացիական հասարակութեան հետ։ Ան մասնակցած է նախարարական յանձնախումբերու աշխատանքներուն եւ ներկայացուցած է ՄԱԿ-ի Զարգացման ծրագիրն ու լիբանանեան կողմը ազգային եւ միջազգային գործընթացներու եւ համաժողովներու մէջ։

Ներկայիս ան Անվտանգութեան ոլորտի կառավարման Ժընեւի կեդրոնի Լիբանանի գրասենեակին մէջ աւագ ծրագրային կառավարիչ եւ Անվտանգութեան ոլորտի բարեփոխումներու խորհրդատու է։ Ան կը ղեկավարէ Լիբանանի զինեալ ուժերու քաղաքացիական-զինուորական համագործակցութեան ամրապնդման ծրագիրներուն իրականացումը՝ միաժամանակ տրամադրելով մասնագիտական խորհրդատուութիւն։ Ան նաեւ կը վերապատրաստէ Լիբանանի զինեալ ուժերու համապատասխան անձնակազմը՝ մասնաւորաբար ծրագիրներու կառավարման եւ գործադրութեան, ինչպէս նաեւ ծրագիրներու նախագիծերու պատրաստութեան ոլորտներուն մէջ։

Ան մասնակցած է մասնագիտական բազմաթիւ վերապատրաստումներու եւ ձեռք բերած է ծրագիրներու կառավարման, հսկողութեան եւ գնահատումի համապատասխան վկայագիրներ:

Ան բազմաթիւ առիթներով հանդէս եկած է իբրեւ բանախօս շրջանային եւ միջազգային համաժողովներու:

Ան նաեւ տարիներու ընթացքին կամաւորական գործունէութիւն ծաւալած է հայկական համայնքային կեդրոններու մէջ։

ՀՅԴ Լիբանան

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Leave a comment