Այսօր մեզ շրջապատած են այնպիսի «արժէքներ», որոնք մոլորեցուցիչ են եւ յաճախ՝ խաբուսիկ. Արամ Ա. Վեհափառ

Մեծի Տանն Կիլիկոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի աւանդութեան համաձայն, ամէն տարի, Մեծ Պահքի առաջին օրը, դպրեվանեցիներ միասնաբար ամբողջ օրը կ՚անցընեն աղօթական մթնոլորտի մէջ՝ կատարելով եօթը ժամերգութիւններ եւ մասնակցելով հոգեւոր խորհրդածութիւններու։

Արդարեւ, նկատի առնելով, որ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը այս տարի հռչակեց «Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգման Տարի», Երկուշաբթի, 16 Փետրուար 2026-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, միաբան հայրեր, դպրեվանեցիներ եւ Դպրեվանքի ուսուցիչներ միասնաբար մասնակցեցան եկեղեցական ժամերգութիւններու եւ հետեւեցան հոգեւոր բնոյթ ունեցող դասախօսութիւններու, որոնց աւարտին տեղի ունեցաւ նաեւ խորհրդածական հանդիպումներ։

Օրուան դասախօսներն էին Դպրեվանքի տեսուչ Գերապատիւ Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեան՝ նիւթ ունենալով «Խորհրդածութիւններ՝ Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումէն բխած» եւ Դպրեվանքի հոգեբանութեան դասախօս դոկտ. Շաղիկ Գանտահարեան Խիւտավէրտեան՝ «Աղօթքը, հոգեմտային առողջութիւնը եւ հոգեւոր վերանորոգումը»։ Քննարկումները ընթացան Վեհափառ Կաթողիկոսին 2026 տարուան հայրապետական հռչակագիրին մէջ արծարծուած միտքերուն ու գաղափարներուն եւ կատարուած թելադրութիւններուն ու յիշեցումներուն հիման վրայ։

Հոգեւոր դասախօսութեանց աւարտին, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ուղղեց իր օրհնութեան խօսքը։

Ան ընդգծեց մեր ազգային, եկեղեցական թէ անհատական կեանքին մէջ հոգեւորապէս նորոգուելու անհրաժեշտութունը։ Կ՚ապրինք այնպիսի պայմաններու մէջ, ուր գրեթէ ոտնահարուած են համակարգեր, սրբութիւններ եւ հոգեւոր ու բարոյական արժէքներ։ Մեզի պարտադրուած պայմաններուն մէջ, մենք պարտաւոր ենք պահելու ու պահպանելու մեր ազգային, ընտանեկան, եկեղեցական, մշակութային, բարոյական, մարդկային արժէքները։

Այսօր մեզ շրջապատած են այնպիսի «արժէքներ», որոնք մոլորեցուցիչ են եւ յաճախ՝ խաբուսիկ։

Հետեւաբար, զգոյշ պէտք է ըլլալ աշխարհէն եկող ամէն տեսակ փորձութենէ եւ կեղծ արժէքներէ, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը։ Իր խօսքի աւարտին, ան դարձեալ կարեւորեց հոգեւոր կեանքի վերանորոգման անհրաժեշտութիւնը եւ կոչ ուղղեց մեր ազգի զաւակներուն, որպէսզի հետամուտ ու բծախնդիր ըլլան իրենց զաւակներուն, ինչպէս նաեւ իրենց անձերուն հոգեւոր կեանքի դաստիարակութեան ու կերտման։

Հոգեւոր մտամփոփման օրը իր աւարտին հասաւ Խաղաղական եւ Հանգստեան ժամերգութիւններու կատարումով։

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Leave a comment