Բանակով մտահոգ Փաշինեանին աւելի պատշաճ պիտի ըլլար խորհրդաժողովի մասնակիցներուն բացատրութիւն տալ, թէ ի՞նչ պատճառներով 2026-ի առաջին տաս ամիսներու ընթացքին հայոց բանակին մէջ արձանագրուած են զինուորականներու մահուան, անձնասպանութեան եւ սպանութեան 46 դէպքեր. Ահարոն Շխրտմեան. «Եռագոյն»

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի` Համաշխարհային հայկական երրորդ խորհրդաժողովին ելոյթը անգամ մը եւս հրապարակ հանեց Հայաստանի պետականութեան, ազգային ինքնութեան, պատմական յիշողութեան եւ սփիւռքի հետ յարաբերութիւններուն վերաբերող հիմնական հարցերը: Անոր ներկայացուցած «Իրական Հայաստան»-ի գաղափարախօսութիւնը, ըստ էութեան, կը ձգտի ազգային կեանքի ամբողջ առանցքը կեդրոնացնել Հայաստանի Հանրապետութեան միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններուն, պետական շահերուն եւ պետականութեան յարատեւութեան տեսլականին շուրջ:

Բանակը` Հայրենիքի Պաշտպան, Ոչ Թէ` Պատմական Բացատրութեան Թեմա

Վարչապետը բանակէն խուսափելու երեւոյթը համեմատեց պարսկական բանակէն պատմական փախուստներուն հետ` ըսելով. «Մենք մեր բանակէն կը փախչինք այն նոյն ինտենսիւութեամբ, ինչ ինտենսիւութեամբ ժամանակին փախած ենք պարսկական բանակէն»:

Այս համեմատութիւնը լուրջ հարցեր կը յառաջացնէ: Բանակը պետութեան եւ հայրենիքի պաշտպանութեան հիմնասիւներէն է: Զինուորական ծառայութեան հանդէպ քաղաքացիներուն պարտաւորութեան գիտակցութիւնը կարեւոր է, սակայն բանակին նկատմամբ վստահութիւնը չի կրնար կառուցուիլ միայն պատմական զուգահեռներու կամ բարոյական յանդիմանութեան վրայ:

Բանակը կը պահանջէ` ամուր կազմակերպուածութիւն, արդար հրամանատարութիւն, զինուորին արժանապատուութեան պաշտպանութիւն, պատշաճ պատրաստութիւն եւ պետական հետեւողական հոգածութիւն: Վերջին տարիներու պատերազմական փորձառութիւնները, մարդկային կորուստներն ու հասարակական ցաւը պարտադրող հանգամանքներ են բանակի եւ զինուորական ծառայութեան մասին խօսելու ատեն: Այսպիսի նիւթերու քննարկումը կը պահանջէ զգուշաւորութիւն, պատասխանատուութիւն եւ նախեւառաջ` զինուորին ու անոր ընտանիքին հանդէպ յարգանք: Բանակով մտահոգ վարչապետ Փաշինեանին աւելի պատշաճ պիտի ըլլար խորհրդաժողովի մասնակիցներուն բացատրութիւն տալ, թէ ի՞նչ պատճառներով 2026-ի առաջին տաս ամիսներու ընթացքին հայոց բանակին մէջ արձանագրուած են զինուորականներու մահուան, անձնասպանութեան եւ սպանութեան 46 դէպքեր, ի՞նչ քայլեր ձեռնարկուած են անոնց կանխարգիլման, իսկ յանցագործութիւններու պարագային` պատասխանատուները բացայայտելու եւ արդարութեան առաջ կանգնեցնելու ուղղութեամբ:

Բանակը հայրենիքի պաշտպանութեան սրբազան առաքելութիւնը ստանձնած հաստատութիւնն է: Անոր նկատմամբ վստահութիւնը կը վերականգնուի` արդար հրամանատարութեամբ, զինուորին արժանապատուութեան պաշտպանութեամբ եւ պետական հետեւողական պատասխանատուութեամբ, ո՛չ ժողովուրդին պատմական վարքագիծը ընդհանրացնող համեմատութիւններով:

Պետականութիւնը Պէտք Է Ընդարձակէ Ազգային Մտածողութիւնը

«Իրական Հայաստան»-ի գաղափարախօսութեան խնդրայարոյց կողմը պետական սահմաններու եւ շահերու կարեւորութեան շեշտադրումը չէ, այլ` ազգային ինքնութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայ տարածքով սահմանափակելու մօտեցումը: Հարցը հետեւեալն է. արդեօ՞ք պետականութեան ամրապնդումը կը ներկայացուի իբրեւ ամբողջ ազգի համախմբման միջոց, թէ՞ կը վերածուի ազգային մտածողութիւնը սահմանափակող քաղաքական չափանիշի:

Հայաստանը պէտք ունի` խաղաղութեան, անվտանգութեան, հզօր բանակի, արդար դատական համակարգի, զարգացած տնտեսութեան եւ վստահելի պետական հաստատութիւններու: Սակայն խաղաղութեան ձգտումը պէտք է ընթանայ ազգային յիշողութեան պահպանման հետ, պետական շահի պաշտպանութիւնը` պատմական գիտակցութեան ամրապնդման, իսկ միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններու յարգումը` հայ ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ պահանջատիրութեան շարունակականութեան զուգահեռ:

Հայութիւնը կրնայ իր պատմական յիշողութիւնը, ազգային ժառանգութիւնն ու իրաւունքներու գիտակցութիւնը պահպանել եւ փոխանցել սերունդէ սերունդ` առանց տարածքային ընդարձակման որեւէ ձգտումի: Կրնայ պաշտպանել Հայաստանի Հանրապետութեան գերիշխանութիւնը` միաժամանակ տէր կանգնիլ Արցախի իրաւունքներուն, Հայոց ցեղասպանութեան արդարութեան պահանջին եւ աշխարհասփիւռ հայկական ժառանգութեան պահպանման: Այս բոլորը իրարու հակադրելու փոխարէն` անհրաժեշտ է զանոնք տեղադրել ազգային պատասխանատուութեան միասնական տեսլականի մէջ:

Պետութիւնը կը բնորոշուի իր աշխարհագրական սահմաններով եւ կը մարմնաւորէ ազգային գերիշխանութիւնը, մինչդեռ ազգի ինքնութիւնը կ՛ընդգրկէ այդ սահմաններէն անդին տարածուող պատմութիւն, լեզու, մշակոյթ եւ համազգային յիշողութիւն: Ազգային գիտակցութեան հորիզոնը շատ աւելի ընդարձակ է, քան` որեւէ պետական քարտէս:

Հայաստանի Հանրապետութեան յարատեւութիւնը պէտք է դառնայ ամբողջ հայութեան համազգային նպատակը: Այդ նպատակին իրագործումը կը պահանջէ հզօր պետութիւն մը, որ կը պաշտպանէ իր սահմանները, կ’երաշխաւորէ իր քաղաքացիներուն արժանապատուութիւնը, սփիւռքի հետ կը հաստատէ հաւասար գործընկերութիւն եւ ազգային ժառանգութիւնը կը վերածէ ուժի աղբիւր:

Իրական Հայաստանի ապագան կը կերտուի հզօր պետականութեամբ, բայց այդ պետականութեան տեսլականը պէտք է ընդգրկէ համայն հայութիւնը: Մեր ազգային հորիզոնը չի կրնար սահմանափակուիլ միայն այն տարածքով, զոր կը պարփակէ պետական սահմանագիծը: Սահմանը կը պաշտպանէ հայրենիքի պետական տարածքը, սակայն հայ ժողովուրդի յիշողութիւնը, արժանապատուութիւնն ու ապագայի տեսլականը կը տարածուին այդ սահմաններէն անդին:

Հայաստանի Հանրապետութիւնը պէտք է դառնայ այն հզօր պետական հայրենիքը, որուն շուրջ կը համախմբուի համայն հայութիւնը` իր պատմութեամբ, լեզուով, մշակոյթով եւ ազգային իղձերով: Պետութեան ուժը կը հարստանայ, երբ ան իր մէջ կը ներառէ համայն հայութեան պատմական ու մշակութային ժառանգութիւնը, իսկ ազգային ուժը կը պահպանուի, երբ պետականութեան ամրապնդումը կ՛ընթանայ ազգային ինքնութեան ամբողջական գիտակցութեան համընթաց:

Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Եռագոյն»-ում

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Leave a comment