Շուշիի մէջ Ալիեւ-էրտողան տանդեմը կը տօնէ Քառասունչորսօրեայ պատերազմի յաղթանակը։ Իսկ Հայաստանի մէջ, պատերազմի մոռացումով, Արցախէն հրաժարումը ամրագրելով եւ Ցեղասպանութեան ուրացումով, կը հաստատագրուին պարտութիւնն ու անոր յաջորդած վեցամեայ զիջողական քաղաքականութիւնը։ Այդ բոլորը՝ յանուն հողային եւ գերիշխանական վերջին, բայց ոչ վերջնական, զիջումին՝ թուրանական միջանցքին, ի խնդիր ենթադրական խաղաղութեան կամ անոր անուրջին։ Այս հիման վրայ ալ պատերազմի գլխաւոր պատասխանատու քաղաքական ուժը կը ձգտի կառուցել «իրական» Հայաստանը, պետութիւն-հայրենիքը կամ հայրենիք-պետութիւնը (տարբերութիւն չկայ մէկ անիմաստին եւ միւսին միջեւ) եւ պետականամէտ քաղաքացին, որուն հայկականութիւնը այնքան կարեւոր չէ, որքան հայաստանաբնակութիւնը։
Անցնող վեց տարիներուն, Սփիւռքէն հայաստանեան իրադարձութիւններուն հետեւողներուս համար, թերեւս ամէնէն անհասկնալին կը մնայ պարտութեան գլխաւոր պատասխանատուին իշխանութեան վրայ մնալը, ընդ որում՝ երկու յաջորդական ընտրութիւններու արդիւնքով։ Մինչդեռ, ինչպէս միջազգային փորձը ցոյց կու տայ, քաղաքական պատասխանատուութեան տրամաբանութիւնը կը պահանջէր, որ ան եռակողմ յայտարարութիւնը ստորագրելէ անմիջապէս ետք հրաժարական ներկայացնէր եւ Ազգային ժողովին կոչ ուղղէր՝ պարտութեան պատճառները բացայայտելու համար քննիչ յանձնաժողով կազմելու։ Այդ քայլերը կրնային ուղի հարթել, որպէսզի քաղաքական խաւի բոլոր ղեկավարութիւնները՝ իշխանական թէ ընդդիմադիր, համախմբուէին, միասնաբար դիմագրաւէին պարտութեան հետեւանքները եւ խուսափէին երկպառակտումի ու ինքնաքանդիչ բեւեռացման թակարդէն։
Այս պայմաններուն մէջ է, որ Սփիւռքի գլխաւոր յանձնակատարին կազմակերպած հայկական երրորդ գագաթնաժողովը տեղի ունեցաւ չՍփիւռքէն ժամանած կամակատարներու մասնակցութեամբ։ Անոնք արդէն ժամանակէ մը ի վեր կը ձգտին հայկական տարբեր համայնքներուն մէջ Հայաստանը «իրականացնել»։
Չէր արժեր անդրադառնալ հոն արտայայտուած գաղափարներուն, եթէ նախաձեռնութիւնը տեղի ունեցած չըլլար պարտութեան վեցերորդ տարելիցի նախօրեակին, եւ անոր աշխատանքները աւարտած չըլլային ճիշդ այն օրը, երբ Ալիեւ-Էրտողան տանդեմը հայաթափուած Արցախին մէջ կը տօնէր իր յաղթանակը՝ Ալիեւի՝ հայութիւնը նուաստացնող հերթական ելոյթով։ Առաւել եւս, եթէ նոյեմբեր 9-ի նախօրեակին, նոյն այդ միջոցառման ընթացքին, վարչապետին եւ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի նախագահին ելոյթները կրկին թիրախաւորած չըլլային Ցեղասպանութեան հարցը՝ ուրացման նշաձողը քիչ մը եւս բարձրացնելով։
Առ ի յիշեցում՝ իրենց բոլոր քննադատելի կողմերով հանդերձ, «նախկիններու» կազմակերպած Հայաստան-Սփիւռք խորհրդաժողովները ընդհանրապէս տեղի կ’ունենային անկախութեան տօնի նախօրեակին՝ Սփիւռքէն ժամանածներու մասնակցութեամբ։ Այս գագաթնաժողովին մասնակիցներուն, սակայն, հրաւէր չէր ուղղուած միջոցառման աւարտին յաջորդ օրը՝ Նոյեմբեր 9-ին, Եռաբլուր այցելելու եւ Քառասունչորսօրեայ պատերազմի զոհուածներուն յիշատակը յարգելու։ Հասկնալի է՝ տրուած ըլլալով, որ ոչ կառավարութիւնը, ոչ ալ իշխանութեան վրայ գտնուող քաղաքական ուժը նման ծրագիր ունէին։ Յստակ չէ նաեւ, թէ չՍփիւռքի «իրականացած» կամակատարներէն քանի՛ հոգի այդուհանդերձ անհատական նախաձեռնութեամբ Եռաբլուր այցելած են։
Սոցիալական ցանցերուն վրայ տեղադրուած տեսանիւթերը, բարեբախտաբար, ցոյց տուին, որ նոյեմբեր 9-ին Եռաբլուր այցելելու օրակարգի բացակայութեան նկատմամբ անտարբեր մեծամասնութեան կողքին կային նաեւ հայու արժանապատուութեան տէր քանի մը անձնաւորութիւններ։ Սակայն անոնց յանդուգն հարցերուն իշխանութեան ներկայացուցիչներուն տուած պատասխանները բացայայտ դարձուցին, թէ որքան պատրաստ են անոնք, հարկ եղած պարագային, ցեղասպան պետութիւններուն հաճոյանալու համար ուրացումը աւելի բացայայտ դարձնելու՝ նոյնիսկ ինքնանուաստացման գնով։
Թէ Սփիւռքի պառակտման ի՛նչ յանձնառութիւններով պարտութեան պատասխանատուներուն գործակալները կը վերադառնան իրենց համայնքները՝ ժամանակը ցոյց կու տայ։ Թերեւս պարզապէս վերահսկեն, որ Հայաստանի ապագայ օժանդակութիւնը «սեքընտ հենտ» հագուստներ չըլլան։ Կամ ալ աշխուժօրէն հայրենադարձութեան աշխատանք տանին՝ իրենց հետ ունենալով յետ-Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի ներգաղթի վերամշակուած ուղեցոյցները… Ամէն պարագայի, քիչ կասկած կայ, որ անոնք վերաթարմացուցած պիտի ըլլան համայնքային կառոյցները թիրախաւորող թունաւոր խօսքի իրենց բառապաշարն ու խաղաղութեան «արկումենթ»ները, որոնց կարգին՝ Ալիեւի Սահմանադրութեան որդեգրումը։
Սփիւռքեան ղեկավարութիւնները պէտք է ուշադիր ըլլան այն մաղձին, որ այդ ոչ-ոք ներկայացնող անձնաւորութիւնները կրնան փորձել տարածել։ Սակայն իրենք շատ աւելի կարեւոր ընելիք ունին, քան այդ անձերուն պատասխանելը եւ հայաստանեան ներքաղաքական պառակտուածութեան մթնոլորտը համայնքներէն ներս փոխադրելը։
«Վերաշխուժացնել Ցեղասպանութեան օրակարգը որպէս հաւաքական յանդուգն ծրագիր»։ Այսպէս բանաձեւեց այդ առաջնահերթութիւնը Հարաւային Ամերիկայի մէջ հանրածանօթ մտաւորական մը։ Իմանալէ ետք Փաշինեանի վերջին յայտարարութեան մասին, թէ Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը պարզապէս երրորդ կողմերու համար գործիք եղած է եւ պէտք է ամբողջովին դուրս բերուի արտաքին քաղաքականութեան օրակարգէն, ան խոստովանեցաւ, որ պետական պատասխանատուի մը կողմէ հնչած այդ ուրացումը անակնկալ էր եւ ցաւ ու ցասում կը պատճառէր։
Յուսալով հանդերձ, որ Հայաստանի մէջ Ալիեւի Սահմանադրութիւնը եւ Ցեղասպանութեան ուրացումը ի վերջոյ պիտի զսպուին, Սփիւռքի մէջ ժամանակն է գիտակցելու, որ Ցեղասպանութեան հարցը այնքան կարեւոր է, որ կարելի չէ կանխաւ վստահ ըլլալ, թէ անկախ Հայաստանի որեւէ իշխանութիւն անոր նկատմամբ պիտի ունենայ նոյնքան յանձնառութիւն, որքան քաղաքականացած Սփիւռքը, որ յաջողեցաւ այդ «մոռցուած» խնդիրը միջազգային օրակարգ բերել եւ ապահովել անոր ճանաչումը։
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Եռագույնի» այս համարում
Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը: