Ապօրինի ներգաղթեալներու երեւոյթը համաշխարհային է. նման երեւոյթներ Ֆրանսայէն զատ այլ երկիրներու մէջ եւս կրնան արձանագրուիլ. «Ազդակ»

Քաղաքական եւ հասարակական մակարդակներու վրայ հարցը ուղղակի կը կեդրոնանայ ներգաղթողներու երեւոյթին վրայ, որ երկար ժամանակէ ի վեր բանավէճի նիւթ է Ֆրանսայի քաղաքական բոլոր շրջանակներուն միջեւ: Հրատապ խնդիր է յատկապէս ապօրինի ներգաղթողներուն շնորհուած պետական ծառայութիւններու, օժանդակութիւններու թղթածրարը, որ յաւելեալ բեռնաւորած է պետութեան պիւտճէն, որ տնտեսական տագնապին վրայ ազդած էր: Առընթեր կը քննարկուին կրթութեան հետ կապուած եւ համարկումի քաղաքականութեան արդիւնաւէտութիւնը խնդրոյ առարկայ դարձուցած հանգամանքները:

Ցուցարարներու եւ վայրագութեան դէպքերու հետ առնչուածներու ժողովրդագրական պատկերը այս բոլորին ուղղութեամբ հետեւութիւններու կ՛առաջնորդէ:

Ապօրինի ներգաղթեալներու երեւոյթը համաեւրոպական եւ համաշխարհային է: Խնդիրը քաղաքականօրէն կ՛արծարծուի ոչ միայն Ֆրանսայի մէջ, այլ նաեւ Եւրոպայի եւ այս պարագային Միացեալ Նահանգներու:

Քանի մը առումներով ուշագրաւ էին Միացեալ Նահանգներու նախագահին եւ փոխնախագահին արձագանգները Ֆրանսայի մէջ պատահածներուն:

Փոխնախագահը յայտարարած է, որ արեւմտեան ազատականները բազմազանութեան եւ կարեկցանքի անունով Ֆրանսա եւ այլ երկիրներ բերած են Երրորդ աշխարհի մարդիկը: Անոնք անտեսած են համարկումի եւ համատեղելիութեան հիմնարար հարցերը: Այդ երկիրները զգուշացուած էին, որ այս քաղաքականութիւնը կը յանգեցնէ նման հետեւանքներու… Ան նաեւ յոյս յայտնած էր, որ Ֆրանսան կը յաջողի կանգնեցնել տեղի ունեցողը:

Իսկ նախագահ Թրամփ յայտարարած էր, որ ներգաղթը լուրջ վնաս հասցուցած է Ֆրանսային եւ կոչ ուղղած փակելու սահմաններն ու խստացնելու վերահսկողութիւնը: Ըստ Թրամփի, ներգաղթողները կործանած են երբեմնի մեծ երկիրը:

Հիմա, փորձենք նկատել այս ուղերձներուն քաղաքական առանցքները: Անմիջապէս նկատենք, որ ամերիկեան պաշտօնական յայտարարութիւնները գրեթէ կը նոյնանան Ազգային ճակատի հռետորաբանութեան հետ, որ խստօրէն կը քննադատէ Ֆրանսայի իրերայաջորդ իշխանութիւններու եւ յատկապէս ձախակողմեան շրջանակներու որդեգրած ներգաղթի քաղաքականութիւնը եւ զանոնք պատասխանատու կը նկատէ այս կացութեան:

Ուղերձը հոս չ՛աւարտիր սակայն: Այս յայտարարութիւններուն հիմնական նպատակը կ՛առնչուի նաեւ ամերիկեան ընտրութիւններուն: Արտաքսել ներգաղթեալները, փակել սահմանները եւ վերահսկողութեան տակ առնել այդ զանգուածը այն քաղաքականութիւնն է, որ այսօր կը կիրարկէ նախագահ Թրամփով գլխաւորուած վարչակարգը: Քննադատութեան ալիքը շատ սուր կերպով ուղղուած է դեմոկրատականներուն, նոյեմբերի միջանկեալ ընտրութիւններու նախաշեմին:

Երբ Թրամփ կը խօսի նախազգուշացման մասին, խորքին մէջ կը զգուշացնէ ամերիկեան զանգուածը, որ դեմոկրատականներու առաւելութիւն արձանագրելու պարագային, Միացեալ Նահանգներու մէջ կրնան պատահիլ Ֆրանսայի մէջ պատահածները:

Ֆրանսայի երեւոյթը այլ հանգամանքներ ալ կը ներառէ անշուշտ: Միացեալ Նահանգներ – Եւրոպա եւ այս պարագային Միացեալ Նահանգներ – Ֆրանսա յարաբերութիւններու ելեւէջները, Ուքրանիոյ պատերազմին յատկապէս Ֆրանսայի հակառուս դիրքորոշումները, Ուքրանիոյ տրամադրուող օժանդակութիւններու ազդեցութիւնը Ֆրանսայի տնտեսութեան վրայ: Այս բոլորը ունին իրենց հետեւանքները Ֆրանսայի հասարակութեան մէջ:

Այս բոլորը ուղղակի թէ անուղղակի ներառուած են պաշտօնական Ուաշինկթընի յայտարարութիւններուն մէջ եւ մտածել կու տան, որ նման երեւոյթներ Ֆրանսայէն զատ այլ երկիրներու մէջ եւս կրնան արձանագրուիլ` դպրոցական կամ հասարակական որեւէ այլ ոլորտէ բռնկելով:

«Ա.»

Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ազդակ» օրաթերթում:

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Leave a comment