Այսօր ա՛յս է պատգամը՝ ապրի՛լ, գործե՛լ, ստեղծագործե՛լ՝ վասն հաւատոյ եւ վասն հայրենեաց. Արամ Ա

ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԶՕՐԱՎԱՐԱՑ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Վարդանանց ճակատամարտի տօնախմբութիւնը լոկ հաւատքի եւ հայրենիքի համար զոհուած մեր սուրբերուն յիշատակումէն անդին մեր քրիստոնէական ուխտի վերանորոգումն ու դարաւոր մշակոյթին վերապրումն է, որովհետեւ ճակատամարտէն բխած պատգամները կ՚ոռոգեն մեր ազգային եւ քրիստոնէական ինքնութիւնը։

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ, Հինգշաբթի, 12 Փետրուար 2026-ի առաւօտուն, կաթողիկոսարանի դիւանապետ Գերշ. Տ. Տաճատ Եպս. Աշըգեան, Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ մատուցեց Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց։ Ան ընդգծեց, որ մեծագոյն սէրը մարդուն՝ իր բարեկամներուն սիրոյն կատարած զոհաբերութիւնն է։ Ան նշեց, որ մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի՝ մեզմէ իւրաքանչիւրիս պատուէրն է մեր կեանքը մեր նմանին համար տալ՝ բացայայտելով սիրոյ գերագոյն չափանիշը։

Սրբազան հայրը աւելցուց, որ Քրիստոս Իր կեանքը տուաւ նոյնիսկ զինք խաչողներուն համար՝ յիշեցնելով, որ սէրը զգացում չէ, այլ նուիրում եւ ինքնազոհողութիւն է։ Մանրամասնելով օրուան խորհուրդը, քարոզիչ սրբազանը յայտնեց, որ Վարդանանց սրբազան յիշատակը անցեալի հերոսական դէպք մը ըլլալէ անդին կենդանի աւետարանական ճշմարտութիւն եւ վկայութիւն է՝ որ անձ մը կրնայ ապրիլ ու վերածնիլ, երբ հաւատքը իր կեանքի առանցքն է։ Ան ընդգծեց, որ չկայ աւելի մեծ սէր, քան բարեկամներու համար անձնազոհութիւնը. «այս խօսքը խաչի ճշմարտութիւնն է եւ Վարդանանք այս խօսքին ազգային կեանքն է», ըսաւ ան։

Սուրբ Պատարագի աւարտին, վեհարանի դահլիճին մէջ, Դպրեվանքի աշակերտութեան ղեկավարութեամբ, տեղի ունեցաւ վարդանաշունչ երգերու հաւաքական երգեցողութիւն։

Աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը յղեց իր պատգամը՝ ներկաներուն եւ մեր ժողովուրդի զաւակներուն։ Ան ըսաւ, որ Վարդանանց ճակատամարտը հայու ինքնութեան վերահաստատման ու ամրապնդման, ինչպէս նաեւ հայ ազգին ազատօրէն ապրելու եւ ստեղծագործելու վճռակամութեան ճակատամարտն էր։ Ան աւելցուց, որ Վարդանի սուրով եւ Ղեւոնդ Երէցի խաչով մղուած պատերազմը, ուր եկեղեցի ու հայրենիք, հաւատք ու պետութիւն իրարու հետ սերտօրէն շաղախուեցան, մղեցին հայ ժողովուրդը գոյութեան յաւերժութեան։ «Եւ այսպէս, Վարդանանց պատերազմով նեշնչուած, Վարդանանք ու Ղեւոնդեանք հաւատքով թրծուած եւ ազատօրէն ապրելու հայ ժողովուրդին հաւաքական կամքով պրկուած տեղի ունեցան մեր պատմութեան բոլոր ժամանակներու յայտնի թէ՛ անյայտ պատերազմները՝ վասն հաւատոյ եւ վասն հայրենեաց։ Այս հաւատքի դաւանանքը եւ ազգային դաւանախօսական սկզբունքը դարձան ուղեցոյց մեր ժողովուրդի դարաւոր տագնապալից պատմութեան»։

Ապա, Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց, որ արդարօրէն ըսուած է, թէ Վարդանանց պատերազմը կը շարունակուի այսօր. «անցեալը յիշել կը նշանակէ անցեալը ապրիլ՝ իր տագնապներով, հաւատքով, ոգիով ու տեսլականով։ Անցեալը յիշել կը նշանակէ անցեալը յիշեցնել՝ իր տեսլականով ու պատգամով։ Վա՛յ այն ժողովուրդին, որ անցեալը կը նկատէ անցած՝ իր ոգիով, հաւատքով, տեսալականով ու յանձնառութեամբ։ Վա՛յ այն ժողովուրդին, որ անցեալէն եկող եւ սուրբերու ու նահատակներու աղօթքով շաղախուած խորհրդանիշները, իտէալները, տեսլականները եւ հաւատքը կը պահէ փոշիներու տակ ծածկուած։ Ազգ մը կ՚ապրի ու կը գոյատեւէ իր սրբազան հաւատքով, իր ազգային վեհ իտէալներով եւ իր ազգակերտ ու հայրենակերտ խորհրդանիշներով»։

Վերջապէս, Արամ Ա. Կաթողիկոս իր պատգամը եզրափակեց՝ ըսելով, որ «այսօր, Վարդանանց ու Ղեւոնդեանց յիշատակը նշել մեր ժողովուրդին համար, ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի, կը նշանակէ հաւատարիմ գտնուիլ Վարդաններու ու Ղեւոնդներու սրբազան կտակին։ Որեւէ ժամանակէ աւելի, այսօր մեր ազգը հրամայական կարիքը ունի նոր իմն Վարդաններու եւ Ղեւոնդ Երէցներու՝ սուրով եւ խաչով, այլ խօսքով՝ հաւատքո՛վ, հայրենիքին համար կռուելու կամքով, Հայաստանը ու մեր ժողովուրդը ամէն բանէ վեր նկատող մեր հաւաքական կամքով կռուելու եւ արիւն թափելու սրբազան նախանձախնդրութեամբ։ Այսպէ՛ս եղան Վարդանանք ու Ղեւոնդեանք։ Այսօր ա՛յս է պատգամը Ղեւոնդներու ու Վարդաններու՝ ապրի՛լ, գործե՛լ, ստեղծագործե՛լ՝ վասն հաւատոյ եւ վասն հայրենեաց»։

Յայտագիրը իր աւարտին հասաւ Վեհափառ Հայրապետին «Պահպանիչ» աղօթքով, «Կիլիկիա» օրհներգի եւ հայրապետական մաղթերգի երգեցողութեամբ։

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Leave a comment