«Բարեւ ձեզ, հա՞յ էք»:
Օգոստոս 2026, Պուտվա, Մոնթենեկրօ:
Պուտվան կը գտնուի Մոնթենեկրոյի մէջ եւ գեղեցիկ քաղաք մըն է Ատրիական ծովու երկայնքին: Քաղաքը ունի պատմութիւն, եւ իր կեդրոնական մասին մէջ կայ «հին քաղաք»-ը, ուր միջնադարու պարիսպները եւ նեղ փողոցները կու տան յատուկ ջերմութիւն: Կ՛ապրիս պատմութիւնը իր ամբողջութեան մէջ:
Չեմ գիտեր` ինչպէ՞ս եղաւ, որ Մոնթենեկրօ այս այցելութեանս չհետաքրքրուեցայ, թէ հայեր կրնա՞մ գտնել հոն: Աւելի՛ն. վստահ էի, որ կարելէ չէր պատկերացնել, որ հայկական իրականութիւն մը կար այս նախկին Եուկոսլաւիոյ երկրին մէջ:
Սխալած էի: Կար, եւ երեւի այսքան վստահ պէտք չէր ըլլայի:
Պուտվայի զբօսաշրջութեան գրասենեակի մը առջեւ կեցած էի կնոջս հետ, կը խօսէինք, թէ ո՛ր պտոյտին մասնակցինք: Պատանի օրիորդ մը գրասենեակին մուտքին, մեծ ժպիտ մը դէմքին եւ ուրախ տրամադրութեամբ, ըսաւ մեզի. «Բարեւ ձեզ, հա՞յ էք»:
Մէկ կողմէ մեծ էր զարմանքս, բայց նոյնքան նաեւ` ուրախութիւնս: Անմիջապէս եկայ այն եզրակացութեան, որ պէտք չէր այդքան վստահ ըլլայի, թէ հայու պիտի չհանդիպէի Մոնթենեկրոյի մէջ:
«Հայաստանէն եկած ենք եւ հոս կ՛ապրինք»,- ըսաւ Անին: – Ես աշակերտ եմ, բայց ամառները հոս կ՛աշխատիմ: Ձմեռը դպրոց կ՛երթամ»:
Անին համարձակ հայ պարմանուհին է, որ լաւ հայերէն կը խօսէր: « Ընտանեօք հոս հաստատուեցանք, քանի որ աւելի լաւ պայմաններ կ՛ուզէինք ունենալ», շարունակեց Անի:
1991-էն սկսեալ` Հայաստանի անկախացումէն ի վեր, հայրենի հողէն արտահոսքը տակաւին կը շարունակուի: Չեմ գիտեր, թէ ե՛րբ կանգ պիտի առնէ այս արտահոսքը: Դասական սփիւռքի կողքին, այսօր ունինք հայաստանեան սփիւռք` կարծես ամէն կողմ: Անոնք նաեւ հասած են հոն, ուր չկայ դասական սփիւռք` կազմելով հայկական նոր սփիւռքեան գաղութներ: Երբ առիթը կ՛ունենանք մտերիմ զրոյց մը ունենալ իրենց հետ, ընդհանրապէս կը լսես նոյն պատճառները. «Աւելի լաւ պայմաններ ունենալու համար դուրս եկած ենք հայրենիքէն»:
Հաճելի էր Անիին հետ մեր զրոյցը: Կը տեսնէի իր «հայու աչքերու» մէջ ուսումնատենչ պատանին, որ կ՛ուզէ ձգտիլ աւելի լաւին` իր կեանքին համար: Վերջապէս մարդկային բնազդ է` միշտ լաւագոյնին ձգտիլ:
Անիէն ետք հայկական հետքերը եւ ներկայութիւնը Մոնթենեկրոյի մէջ սկսան մէկ-մէկ բացայայտուիլ:
Թիվադը ծովեզերեայ մէկ այլ շատ գեղեցիկ քաղաք մըն է Մոնթենեկրոյի մէջ` Գոթոր ծոցի երկայնքին: Ինքնաշարժս շարեցի կառատան մէջ, որուն կից կար գեղեցիկ եկեղեցի մը: Մոնթենեկրոն մեծ տարողութեամբ ուղղափառ դաւանանքին կը պատկանի: Եկեղեցին քարաշէն էր եւ պատմութենէն ժառանգած էր բաւական աւանդ:
Հետաքրքրութիւնս մղեց, որ մտնեմ եւ տեսնեմ այս գեղեցիկ եկեղեցին:
Եկեղեցւոյ դուռէն դուրս եկած ատեն ձախին` պարտէզին մէջ, տեսայ գեղեցիկ քարէ շինուած յուշակոթող մը: Արեւը կիզիչ էր եւ հեռուէն պղտոր ձեւով սկսայ տեսնել խաչը, որ փորագրուած էր: Մօտեցայ յուշակոթողին եւ խաչին նայելով` տեսայ, թէ այդ հայկական խաչքար է: Թիւանդի մէջ հայկական խաչքա՞ր:
Ինչպէ՞ս:
Ե՞րբ:
Ո՞վ:
Գրութիւնը խաչքարին տակ. «Այս սուրբ խաչը Մոնթենեկրոյի հայ համայնքը կը նուիրէ Թիւադի հաւատացեալ ժողովուրդին` որպէս յաղթանակի եւ Քրիստոսի յարութեան խորհրդանիշ»:
«Վաթսուն հայ ընտանիք ունինք Մոնթենեկրոյի մէջ», Վահէ Հանեսեանն է, որ Մոնթենեկրոյի հայ համայնքի համախմբումի նախագահն է: «Հայերը հոս հաստատուած են Ռուսիայէն եւ Ուքրանիայէն, բայց բոլորս ալ Հայաստան ծնած ենք»:
Հայաստան-Ռուսիա-Ուքրանիա-Մոնթենեկրօ:
Հայուն սփիւռքի պատմութեան մէկ ճանապարհ-քարտէսն է: Իւրաքանչիւր սփիւռքահայ ունի ճամբու քարտէսը: Ծնած եւ ընթացք առած ենք մեր ակունքներէն` Հայաստանի եւ պատմական Հայաստան-Կիլիկիոյ մէջ, որմէ ետք սկսած է մեր կեանքը` «ցատկելով» մէկ երկրէն միւսը: Եթէ դասական սփիւռքի համար Ցեղասպանութիւնն էր, որ ստիպեց տեղահանութիւն, հայաստանեան սփիւռքի համար` «աւելի լաւ պայմաններ»-ը: Այս ալ պիտի ըսենք` հայուն կեանքն է:
«Քսան տարեկանին ձգեցի Հայաստանը եւ հաստատուեցայ Սենթ Փեթերսպուրկ` ուսանելու համար: Հոն մնացի 16 տարի, որմէ ետք եկայ հոս», կը պատմէ Վահէն, որ 55 տարեկան է, արդէն 35 տարիներէ ի վեր կ՛ապրի օտարութեան մէջ: Ուսանած է իրաւաբանութիւն եւ տնտեսագիտութիւն: Ան ներկայիս կը զբաղի անշարժ գոյքեր գնել-վաճառելով եւ շինարարական աշխատանքով: Ամուսնացած է եւ կազմած է ընտանիք, կինը բժշկուհի է, ունին երկու զաւակներ: «Հայկական դպրոց եւ եկեղեցի չունինք,- ըսաւ Վահէ,- տունը հայերէն կը խօսինք եւ զաւակներուս ալ մայրենին կը սորվեցնենք տան մէջ: Ուրիշ միջոց չունինք»:
Հայկական գաղութի անդամները կը փորձեն քով-քովի գալ տարբեր առիթներով: Եկեղեցական տօներու եւ Ցեղասպանութեան ոգեկոչման ատեն հայերը կը համախմբուին Թիվադի մէջ` խաչքարին շուրջ: «Ռումանիայէն սրբազան հայրը ատենը անգամ մը կ՛այցելէ, եւ ս. պատարագ կ՛ունենանք տեղական եկեղեցին օգտագործելով», ըսաւ Վահէն:
Հայուն խաչքարը, որ հայերը կը միացնէ: Կը միացնէ` իրենց հաւատքով, պատմութեամբ, մշակոյթով ու տակաւին:
«Հայաստանի հետ մեր յարաբերութիւնները շատ ջերմ են-, դարձեալ Վահէն է: – Բոլորս ալ ընտանիքներ ունինք հայրենիքին մէջ եւ ամառները կը փորձենք մեր երեխաները ղրկել Հայաստան: Այս ձեւով ալ կը փորձենք շարունակել եւ ամրացնել մեր կապերը հայրենիքին հետ եւ պահպանել նաեւ մեր ինքնութիւնը»:
2018-ին, Հայերու համախմբումի վարչութեան ջանքերով, խաչքարը զետեղուած է Թիվադի եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ: «Տեղացի ժողովուրդը շատ կը սիրէ հայը եւ գիտէ մեր պատմութիւնը-, Վահէն շարունակեց իր զրոյցը: – Իրենք ալ ենթարկուած են շատ մը զրկանքներու, երբ օսմանեան տիրապետութեան տակ եղած են եւ այս իմաստով շատ կարեկցանք ու հասկացողութիւն ունին հայուն եւ անոր պատմութեան հանդէպ»:
Եւրոպայի այս գեղեցիկ երկրին մէջ` Մոնթենեկրօ, 60 հայ ընտանիքներ կը տքնին հայ մնալու համար: Չունին շատ կարելիութիւններ, ինչպէս` եկեղեցի, դպրոց, ակումբ, մշակութային կեդրոն թէ այլ: Նիւթական պայմաններն ալ համեստ են:
Բայց կայ հայու հոգին: Այս հոգին լաւապէս կը մարմնաւորուի հայուն խաչքարին ընդմէջէն: Խաչքարը, ուր հայը կը միանայ պահելու համար իր պատմութեան արժէքը:
Սփիւռքի մէջ ապրող իւրաքանչիւր հայու մարտահրաւէր-առաքելութիւնն է պահել հայուն արժէքը:
Հայուն խաչքարը` հայուն արժէքը, զոր պիտի պահենք:
ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
Սեպտեմբեր 2026
Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը: