Ա՛յս է, որ բացակայեցաւ եւ կը շարունակէ բացակայիլ Երեւանի իշխանութիւններուն մօտ, որոնք չեն արձագանգեր Ստեփանակերտի հայոց եկեղեցւոյ հիմնական քանդումին. «Ազդակ»

Իսրայէլի գործած յարձակումներուն թիրախ դարձած Պոֆորի ամրոցը, դատապարտումի առումով, ոչ միայն լիբանանեան, այլ նաեւ միջազգային հնչեղութիւն ստացաւ: Առնուն գիւղին մօտ գտնուող 12-րդ դարուն կառուցուած խաչակրական ամրոցը իր դիրքով կը վերահսկէ Լիթանի գետը: Քաղաքակրթականին առընթեր ռազմագիտական կարեւորութիւն ներկայացնող այս կառոյցը յաջորդաբար գտնուած է խաչակիրներու, Սալահէտտինի, մեմլուքներու եւ օսմանցիներու վերահսկողութեան տակ: Լիթանիի նկատմամբ իր վերահսկողական դիրքը Իսրայէլի համար ռազմավարական նշանակութիւն ունի փաստօրէն: Անվտանգութեան գօտիի սահմանները անդրանցած են իսրայէլական ուժերը: Մինչ, Լիթանին կը ներկայացուէր գրաւող ուժերու համար առաջադրուած գօտիի սահմանը:

Լիբանանի մշակոյթի նախարարը բողոքներ ներկայացուց քաղաքակրթական նշանակութիւն ունեցող այս կառոյցին նկատմամբ Իսրայէլի իրականացուցած գործողութիւններուն դէմ` պահանջելով դատապարտանք եւ կասեցում մշակութային ջարդի: Ոչ միայն Պոֆորը, այլեւ ընդհանրապէս շրջանը եւ յատկապէս Սուր քաղաքն ու շրջակայքը, որոնք կ՛ենթարկուին բռնատեղահանումի եւ աւերումի, մեծապէս վտանգուած են նաեւ իբրեւ քաղաքակրթական ժառանգութիւն:

Միջազգային լրատուադաշտը արձագանգեց այս եղելութեան: Տակաւին մշակութային ժառանգութեան պահպանման կազմակերպութիւններ համարժէք գնահատական չեն տուած արարքին: Տարբեր խնդիր, որ այդ գնահատականներն ու նոյնիսկ ամէնէն ծանր դատապարտանքները գետնի վրայ չեն կրնար կասեցնել այս անարգել հակաքաղաքակրթական արշաւը: Լիբանանը տարբեր պատմական ժամանակաշրջաններու հետ կապուած քաղաքակրթական ժառանգութեան նմուշներու հաւաքածոյի վայր է: Հիմա վտանգուած է ամբողջ ժառանգութիւն մը: Այդ վտանգին դիմաց դեռ չեն երեւիր կասեցման գործիքակազմերը աշխատցնելու դրսեւորումները:

Անկախ արդիւնքէն սակայն, թէ՛ պաշտօնական Պէյրութի, թէ՛ միջազգային լրատուադաշտի ապահոված հնչեղութիւնը սկսելու համար կարեւոր է: Իսկ այս արձագանգումը անմիջապէս մեր պարագային կը յիշեցնէ Արցախի մէջ հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան սպանդի երեւոյթները: Բայց նաեւ անոնց դիմաց Հայաստանի իշխանութիւններուն կրաւորականութիւնը: Քրիստոնէական աշխարհին համար սկզբունքով մեծ նշանակութիւն ունեցող ճարտարապետական հսկայական համալիր մը տեղ մը կը քանդուի, հողին հաւասար կ՛ըլլայ, այլ տեղ մը ճարտարապետութիւնը կը խեղաձեւուի, իսկ ուրիշ տեղ կը ներկայացուի իբրեւ ոչ հայկական` աղուանական կամ ուտիական: Աւելի՛ն: Քրիստոնեայ աշխարհի կեդրոններուն մէջ Պաքուն կը կազմակերպէ «գիտաժողովներ», ընդգծելու համար այդ բոլորին ոչ հայկական ըլլալը կամ այդ տարածքին մէջ ապրողները, արարողները եւ ժառանգութիւն ստեղծողները իբրեւ Ազրպէյճանի քրիստոնեայ նախահայրեր:

Պարզ է, որ միջազգային մշակութային կեդրոններու վարած քաղաքականութիւնը կ՛ազդուի անոնց ետին կանգնած պետութիւններուն որդեգրած ուղեգիծերէն: Եթէ տուեալ վայրի մը մէջ պատահած արարք մը ուժեղ ահազանգումի կ՛արժանանայ, այլ տեղ խնամքով անուշադրութեան կը մատնուի կամ համարժէք գնահատական չի ստանար:

Խնդիրը սակայն տուեալ կառավարութեան հարցը բարձրացնելու կամքն է: Այս պարագային Պէյրութի արձագանգը արագ էր, յստակ եւ դիպուկ, ինչպէս նաեւ հասցէական թէ՛ դիմումի եւ թէ մանաւանդ դատապարտանքի առումներով:

Ա՛յս է, որ բացակայեցաւ եւ կը շարունակէ բացակայիլ Երեւանի իշխանութիւններուն մօտ, որոնք ոչ միայն չեն արձագանգեր Ստեփանակերտի հայոց եկեղեցւոյ հիմնական քանդումին, այլ նոյնիսկ կը հաստատեն, որ Ազրպէյճան իր տարածքային ամբողջականութեան մէջ կը գործէ իր որոշումներուն հիման վրայ… Եկեղեցւոյ քանդումի արարքը քննադատելը նկատելով թշնամական պահուածք եւ խաղաղութեան գործընթացի դէմ ոտնձգութիւն:

Լիբանանի կառավարութիւնը կողմ է Իսրայէլի հետ ուղիղ բանակցութիւններ վարելու եւ խաղաղութեան գործընթաց սկսելու: Միաժամանակ սակայն կը դատապարտէ իսրայէլեան ներխուժումը, շարունակուող ոտնձգութիւններն ու հիմա` քաղաքակրթական նշանակութիւն ունեցող կառոյցներու աւերումը: Մինչ, Երեւանի ներկայացուցիչները խաղաղութեան պայմանագիր կը նախաստորագրեն ներխուժուած տարածքներով, Պաքուի մէջ պահուող ռազմագերիներով եւ քանդուող եկեղեցիներով:

Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ազդակ» օրաթերթում

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Leave a comment