Անցնող 8 տարին ալ փտածութիւններով լեցուն անցեալ մը կարելի չէ՞ նկատել. «Հայրենիք»

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ իր իշխող «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը քարոզարշաւը սկսան, իբրեւ խաղաղութեան, բարեփոխումներու եւ ժողովրդավարութեան ջահակիրներ, որոնք պիտի շարունակեն պայքարիլ անցեալի փտած համակարգերուն վերադարձին դէմ: Բնականաբար, հոս տեղին է հարց տալ, թէ արդեօք անցնող 8 տարին ալ փտածութիւններով լեցուն անցեալ մը կարելի չէ՞ նկատել: Դեռ չբանանք անարդօրէն ձերբակալուած եւ բանտարկուած «այլախոհ»-ներու ցանկը՝ աշխարհականներէն մինչեւ կրօնականներ։

Հետաքրքրականօրէն Փաշինեան իր ընտրարշաւը սկսաւ Սիւնիքէն, ուր ամէնայն յանդգնութեամբ հաստատեց որ, վիթխարի սխալ մը եղած է արցախեան շարժում ստեղծելը, եւ թէ «Արցախը Ատրպէյճան է եւ վերջ»:

Նենգամիտ ըլլալու աստիճան ճարպիկ ու խորամանկ է, շարունակ իր աթոռին կառչելու մարմաջով Փաշինեանը, որ երբեք չուզէր զանազանել պետութիւն, իշխանութիւն եւ ղեկավարութիւն եւ առ այդ հրահանգած է, որ յառաջիկայ Մայիս 28-ի «Հանրապետութիւն» հրապարակին շուրջ կատարուելիք զօրահանդէսին, ցուցադրուող սարքերը երկար ժամանակ, այսինքն գոնէ մինչեւ 7 Յունիս մնան մայրաքաղաքի կեդրոնական փողոցներուն մէջ, որպէսզի քաղաքացիները՝ իմա ընտրողները․ հնարաւորութիւն ունենան մօտենալ, դիտել լուսանկարել եւ կարեւորագոյնը՝ ըստ այնմ ընտրել․․․։

«Հայաստան» Դաշինքն ալ ընտրարշաւը սկսաւ Էջմիածինէն, որ վերջին տարիներուն կը նկատուի Փաշինեանի եւ իր ուսապարկերուն կարեւորագոյն թշնամին:

Թէեւ բոլոր ընդդիմադիր ուժերը կը քննադատեն կառավարութիւնը, սակայն անոնք կը մնան գաղափարախօսական ու ռազմավարական առումով բաժնուած։ Ոմանք կոչ կ՛ուղղեն, որպէսզի կազմուի միասնական հակա-Փաշինեան ճակատ, իսկ ուրիշներ կը փորձեն ներկայանալ որպէս առանձին այլընտրանք։

Ի տարբերութիւն նախորդ ընտրութիւններուն, այս քարոզարշաւը ունի աւելի լայն եւ մասնատուած ընդդիմադիր դաշտ։

Խմբագրական

Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» շաբաթաթերթում:

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Leave a comment