Սիրո ճամփով է, որ կընթանանք դեպի փրկություն․ Անթիլիասի Մայրավանքում Ոտնլվայի կարգ է կատարվել

Անթիլիասի Մայրավանքում Ոտնլվայի կարգ է կատարվել։ Հայտնում են Մեծի Տանն Կիլիկիո Կաթողիկոսությունից․

«Աւագ Հինգշաբթի, 2 Ապրիլ 2026-ի երեկոյեան ժամը 4:00-էն սկսեալ, հաւատացեալներ հաւաքուած էին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողոկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ՝ մասնակից դառնալու համար Ոտնլուայի սրտայոյզ արարողութեան, որուն հանդիսապետեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Կաթողիկոսը։

Մայր Տաճարի Սուրբ Խորանին վրայ կանգնած էին Քրիստոսի 12 աշակերտները խորհրդանշող երկու միաբան հայրեր եւ դպրեվանեցի տասը աշակերտներ։ Աւետարանական ընթերցումներու եւ շարականներու երգեցողութեան ճամբով ներկայացուեցաւ ոտնլուայի դէպքը։ Ապա, Վեհափառ Հայրապետը, հետեւելով մեր Փրկիչին օրինակին, մէջքին ղենջակ կապած, լուաց յիշեալ տասներկուքին ոտքերը։

Արարողութեան աւարտին Նորին Սրբութիւնը յաւուր պատշաճի պատգամեց՝ կեդրոնանալով Աստուծոյ սիրոյն վրայ։ Ան ըսաւ, որ սէրը քրիստոնէական գործելակերպին առանցքն է եւ այդ պատճառով ալ Աստուած Իր Միածին Որդին աշխարհ ղրկեց մարդոց փրկութեան համար։ Այս գծով, Հայրապետը ընդգծեց, որ, իբրեւ հաւատացեալներ, սովորական կերպով պէտք չէ մօտենանք սիրոյ, այլ պէտք է հասկնանք, որ Աստուած սէր է Իր էութեամբ։ Շարունակելով պատգամը՝ ան դիտել տուաւ, որ Աստուածաշունչի իւրաքանչիւր էջ կը պարունակէ սիրոյ ներկայութիւնը, ուղղակի թէ՛ անուղղակի կերպով, որովհետեւ Աստուածաշունչը Աստուծոյ յայտնութեան պատմութիւնն է, եւ այդ մէկը սիրոյ յայտնութիւնն է։ «Այսօր, մեր եկեղեցին, անգամ մը եւս կու գայ յիշեցնելու իր հաւատացեալներուն, թէ որքա՜ն էական է սէրը մեր կեանքին մէջ։ Սիրոյ ճամբով է, որ մենք կ՚ընթանանք դէպի փրկութեան ճանապարհ, արքայութեան դռները կը բացուին մեր առջեւ, քանի որ, ինչպէս Յովհաննէս Պլուզ Վարդապետէն կարդացինք, սէրը երկինքի արքայութեան բանալին է», յայտնեց Վեհափառ Հայրապետը։

Հուսկ, Արամ Ա. Կաթողիկոս անդրադարձաւ ընտանիք հասկացողութեան եւ դիտել տուաւ, որ ծնողքի միջեւ փոխադարձ սէրը պէտք է ճառագայթէ եւ զաւակներուն օրինակ դառնայ, նոյնպէս մեր կազմակերպութիւններուն, համայնքներուն, ազգի կեանքին մէջ սէրը պէտք է մնայուն եւ տիրական ներկայութիւն ըլլայ՝ հակառակ տարբեր տեսակէտներու եւ կարծիքներու գոյութեան։

«Եկէ՛ք, հետեւաբար, այս գիտակցութեամբ ու նախանձախնդրութեամբ սիրե՛նք, միայն չխօսինք սիրոյ կարեւորութեան մասին, այլ սիրե՛նք, որովհետեւ սէրը զգացական, տեսական երեւոյթ չէ, այլ գաղափար է. մտածում չէ, այլ կեանքի որակ է։ Հետեւաբար, այս գիտակցութեամբ սէրը ապրինք մեր անհատական թէ՛ հաւաքական կեանքին մէջ» ըսելով՝ եզրափակեց Հայրապետը իր պատգամը։

Նշենք, որ նախքան հայրապետական պատգամը, Նորին Սուրբ Օծութիւնը իր խոր գոհունակութիւնն ու գնահատանքը յայտնեց ի տես ծնողներուն՝ իրենց զաւակները եկեղեցի ուղղելուն՝ հակառակ ապահովական պայմաններուն։ Ան նաեւ բարձր գնահատեց երիտասարդներուն եկեղեցական կեանքին բերած գործուն մասնակցութիւն։ Ան նաեւ յայտնեց, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական Ժողովին պատրաստութեամբ, երկրորդ տարին ըլլալով, հաւատացեալներուն կը տրամադրուի Աւագ շաբթուան արարողութիւնները պարունակող գրքոյկներ՝ գրաբար եւ աշխարհաբար, եւ ուրախութիւն յայտնեց, որ անոնք կ՚օգտագործուին խանդավառութեամբ ու հետաքրքրութեամբ»։

Leave a comment