ԵՐԵՎԱՆ, ՄԱՐՏԻ 26, 24News
«Լիբանանի կառավարութիւնը 5 մարտ 2026-ին վարչապետարանին մէջ իր գումարած ժողովին նշանակեց Տնտեսական-ընկերային-կենսոլորտային խորհուրդի անդամները, որոնցմէ երկուքը` ՀՅԴ-ի թեկնածուներ Լուիզա Պապոյեան-Ազեզեան եւ դոկտ. Շաղիկ Գանտահարեան-Խիւտավերտեան:
Լուիզա Պապոյեան-Ազեզեան 1997-ին աւարտած է Սեն Ժոզեֆ համալսարանը` ճարտարագիտական հոգեբանութիւն-Մարդկային պաշարներու կառավարում մասնագիտութեամբ, մագիստրոսի աստիճանով: 2001-ին կը ստանայ IRCA Lead Auditor for ISO 9001 վկայականը QMI-SAI Canada Limited-էն: Ակադեմական իր փորձառութեան ծիրին մէջ, ան Սեն Ժոզեֆ եւ ԻՒԶԵՔ համալսարաններուն մէջ դասախօս է մարդկային պաշարներու եւ որակի կառավարման նիւթերով` մագիստրոսի ուսանողներուն: 2017-էն ի վեր Պալամանտ համալսարանի Քիմիական ճարտարագիտութեան բաժանմունքի խորհրդատու մարմինի անդամ է։ 2013-2017 ԼԻՊՆՈՐ-ի (Լիբանանեան չափանիշներու հիմնարկ) ISO 24000 Ընկերային կայունութեան կառավարման համակարգումի խորհրդական եղած է: Արհեստավարժ փորձառութեան ծիրին մէջ, 2004-էն սկսեալ իբրեւ որակի եւ մարդկային պաշարներու կառավարման տնօրէն կը պաշտօնավարէ: Խորհրդականի զանազան պարտականութիւններ ստանձնած է Լիբանանի, Հայաստանի, Ալճերիոյ, Քուէյթի եւ Յորդանանի այլազան հաստատութիւններու մէջ: Լիբանանի մարդկային պաշարներու ընկերակցութեան գործադիր կոմիտէի անդամ է 2012-էն սկսեալ: Եղած է ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ:
Ուսուցիչներու վերապատրաստութեան աշխատանքները կ’ընդգրկեն Լիբանանի պետական եւ ոչ պետական կրթական կառոյցները: Ներդրում ունի համայնքային կեանքին մէջ, կրթական, միութենական եւ կազմակերպչական բնոյթի յանձնախումբերու եւ հանրային ելոյթներու ընդմէջէն: Անդամ է Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային երեսփոխանական ժողովին եւ անոր դիւանին: Անդամ է Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի խնամակալ մարմինին: Ատենապետն է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Խաչեր Գալուստեան» մանկավարժական կեդրոնի խորհրդատու մարմինին: Անդամ է Լիբանանի առողջապահութեան նախարարութեան Մանուկներու քաղցկեղի ազգային յանձնաժողովին»։