Փետրուար 24-ը՝ 60 երկվայրկեանի մէջ արևմտահայերէն լուրեր


Մտանք պատմական շրջափուլի մը մէջ, երբ պետութիւն, ինքնիշխանութիւն, բարեկեցութիւն ունենալը կախուած է բացառապէս մեր կայացուցած որոշումներէն. Փաշինեան:


Խաղաղ նպատակներով կորիզային ուժանիւթի անվտանգ օգտագործումը կը շարունակէ մնալ Հայաստանի պետական քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններէն մէկը. Միրզոյեան:


Հայաստան-Եւրամիութիւն ռազմավարական օրակարգի ընդունումը կարևոր կը նկատէ Պրիւքսէլի աջակցութիւնը «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծին. Կրոնօ:


Աւարտին հասած է Ատրպէյճանը Իրանին կապող նոր կամուրջի շինարարութիւնը:


Արդէն չորս տարի է, որ Փութին կը փորձէ «երեք օրուան մէջ գրաւել Քիևը». Զելենսքի՝ 4 տարի ընթացող պատերազմի մասին:


Եւրոպան անսասան կանգնած է Ուքրանիոյ կողքին. Եւրոպայի յանձնաժողովի նախագահ:


Սլովաքիան դադրեցուցած է Քիևին էլեկտրականութեան արտակարգ մատակարարումները:


Իրանի Սպահան նահանգին մէջ ուղղաթիռ մը ինկած է. առնուազն 4 զոհ կայ:


Անի Զէյթունցեան

Դիտումների քանակ1

Leave a comment