Սրբազան Պապին շնորհակալութիւնը բժիշկներուն, բժշկական անձնակազմին եւ իրեն համար կատարուած աղօթներուն

Հիւանդութեան փորձառութիւնը ինծի մասնաւորաբար զգալ տուաւ մօտիկութիւնը անոնց, որոնք կը տառապին հիւանդութեան եւ տկարութեան վիճակի մէջ, ըսաւ ի միջի այլոց Քահանայապետը որ յիշելով այսօր յիշատակուող Միսիոնարական Համաշխարհային 100-րդ Օրը հրաւիրեց աղօթել, որպէսզի Եկեղեցին միշտ հաւատարիմ մնայ Յարուցեալ Տիրոջ պատգամին.Գացէ՛ք ամբողջ աշխարհ եւ քարոզեցէ՛ք Աւետարանը բոլոր արարածներուն»

Կիրակի` 18 հոկտեմբեր 2026-ի կէսօրին, Առաքելական պալատի իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Մարեմեան աղօթքի աւարտին Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը խօսքը ուղղելով աղօթքին մասնակցող աւելի քան 15 հազար հաւատացեալներուն, նախ յիշեց թէ «այսօր կը նշուի Համաշխարհային Միսիոնարական 100-րդ Օրը» որմէ մեկնելով հրաւիրեց մտաբերել,«թէ որքա՛ն պատմութիւն կերտած են առաքեալները այս հարիւր տարուան ընթացքին։

«Աղօթենք, որպէսզի Եկեղեցին միշտ հաւատարիմ մնայ Յարուցեալ Տիրոջ պատգամին որ է.«Գացէ՛ք ամբողջ աշխարհ եւ քարոզեցէ՛ք Աւետարանը բոլոր արարածներուն» ըսաւ ապա Սրբազան Հայրը եւ ուզեց յատուկէն շնորհակալութիւն յայտնել «բոլոր անոնց, որոնք այս օրերուն աղօթեցին ինծի համար։ Իսկապէս զգացի ձեր աջակցութիւնը։ Շնորհակալութիւն» յարեց Նորին Սրբութիւնը։

Ան ապա յատուկ երախտագիտութիւն յայտնեց Ճեմելլի հիւանդանոցի բժիշկներուն եւ բժշկական ամբողջ անձնակազմին, դիտել տալով թէ այս փորձառութիւնը իրեն մասնաւորաբար զգալ տուաւ մօտիկութիւնը անոնց, որոնք կը տառապին հիւանդութեան եւ տկարութեան վիճակի մէջ։

«Անցնելով այս նուրբ փուլը հիմա աստիճանաբար պիտի վերսկսիմ իմ գործունէութիւններս, միշտ Աստուծոյ օգնութեամբ եւ ձեր աղօթքներով» ըսւաւ Լեւոն Պապը եւ խօսքը աւարտեց նորոգելով իր շնորհակալութիւնը եւ բոլորին մաղթելով բարի կիրակի։

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

vaticannews

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Leave a comment