Խորէն Ա. Կեդրոնի հոգաբարձութիւնը ստացաւ Վեհափառ Հայրապետին օրհնութիւնը

Երեքշաբթի, 22 Սեպտեմբեր 2026-ին, Սուրբ Աստուածածին Վանքին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Խորէն Ա. Կեդրոնի հոգաբարձութիւնը, գլխաւորութեամբ Կեդրոնի տնօրէն Հոգշ. Տ. Զաւէն Վրդ. Նաճարեանի։

Հանդիպման ընթացքին հայր սուրբը որդիական երախտագիտութիւն յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին՝ Կեդրոնի գործունէութեան նկատմամբ անոր ցուցաբերած մնայուն հետաքրքրութեան եւ հայրական զօրակցութեան համար։

Ապա, հոգաբարձութեան անդամները Նորին Սրբութեան ներկայացուցին անցնող շրջանին իրագործուած գլխաւոր ծրագիրները։

Անոնք անդրադարձան Կեդրոնի ամառնային դպրոցին, արհեստագիտութեան դասաւանդման գծով դպրոցներու տնօրէնութեանց հետ գործակցութեան եւ ուսուցիչներու պատրաստութեան ծրագիրներուն, երիտասարդական Սուրբ Պատարագին, SAT-ի պատրաստութեան դասընթացքներուն, ինչպէս նաեւ Կեդրոնի տարբեր բաժանմունքներու պատասխանատուները համախմբող հանդիպումին։

Իր հայրական խօսքին մէջ Նորին Սրբութիւնը քաջալերեց հոգաբարձութեան եւ տնօրէն հայր սուրբին աշխատանքն ու ծառայութիւնը։ Վեհափառ Հայրապետը մաղթեց, որ Խորէն Ա. Կեդրոնի նախաձեռնութիւնները շարունակեն արդիւնաւորուիլ՝ յատկապէս հայ երիտասարդութեան կրթական եւ հոգեւոր կազմաւորման ծառայելով։

Յայտնենք, որ հոգաբարձութեան մաս կը կազմեն Ժանին Մարգարեան, Շանթ Ստեփան, Աստղիկ Գանտահարեան, Փօլ Տօնիկեան եւ Մարիա Աւետիսեան։

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Leave a comment