Մեզի կ՛ըսուի, թէ Քնեսեթի գործողութիւնը փուլ եկաւ Պաքուի ճնշման որպէս հետեւանք… Պարզ խօսքով, Քնեսեթի ղեկավարները պատրաստ էին ճանաչման բանաձեւը տանելու քուէարկութեան, երբ յանկարծ իրենք զիրենք գտան Ալիեւի փոթորկալի միջամտութեան առջեւ եւ ստիպուած՝ տեղի տուին… Բա՛ն մը՝ որ շատ հեռու է ներկայ քաղաքականութեան տրամաբանութենէն եւ առհասարակ իսրայէլեան քաղաքականութեան պատմական փորձի նորմերէն։
Ես կը կարծեմ, թէ յիշեալ այս խօսոյթը չի համապատասխաներ իրականութեան եւ կոչուած է ապակողմնորոշելու համաշխարահային կարծիքը։
Ալիեւի տրամադրութիւնները Հայոց Ցեղասպանութեան հարցի վերաբերմամբ երբեք գաղտնիք չեն եղած վարչապետ Նեթանիահուին։ Ընդհակառակն, անոնք եղած են լիովին նախատեսելի։ Միամտութիւն է կարծել, թէ իսրայէլեան կողմը անակնկալի բերուած պիտի ըլլայ Ալիեւի կողմէ։ Ընդհակառակն կարելի է նոյնիսկ պնդել, որ Ալիեւի «հակազդեցութիւնը» մաս կը կազմէր Նեթանիահուի բեմադրութեան։ Չմոռնա՛լ՝ որ Նեթանիահու, իր կարգին, երբեք տրամադիր չէ եղած Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման դուռը լրջօրէն բանալու։ Մենք ընդամէնը գործ ունինք անճահ խաղի մը հետ, որ կը խաղացուի ցեղասպաններու ակումբին մէջ ամէնէն կոշտ խաղականոններով։
Նեթանիահու կրցաւ խառնել խաղաքարտերը տարածաշրջանին մէջ, առանց նաեւ զոհելու Ցեղասպանութեան ճանաչման իր խաղաքարտը։ Խաղին երկրորդ փուլը թուրք հանրային կարծիքին առջեւ Ալիեւը հերոսացնելն էր (ի հեճուկս Էրտողանի) ցոյց տալով միաժամանակ, որ Նեթանիահու ի վիճակի է մտնելու թուրքեւատրպէյճանական քաղաքականութեան ներքին ոլորտէն ներս խախտել կարենալով ներթրքական հաւասարակշռութիւնները։
Միաժամանակ Նեթանիահու քաջ գիտէ, թէ իր ապագայ դաշնակիցը կրկին Թուրքիան է ըլլալու (Թուրքիան զայն ուզէ՞, թէ չուզէ…), հետեւաբար ան պէտք ունի Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը «արթուն» պահելու որպէս գրաւական ապագայի յարաբերութիւններու։ Այս առումով, Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը մեծ կենսականութիւն ունի Նեթանիահուի զինանոցին համար։ Կենսականութի՛ւն՝ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ԿՈՂՄԷ ՃԱՆԱՉՈՒՄ ՉՍՏԱՑԱԾ ԸԼԼԱԼՈՒ ԻՐ ՀԱՆԳԱՄԱՆՔՈՎ ՄԻԱՅՆ…
Իրականութիւնը այն է, որ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցն ալ, այլ հարցերու կարգին, արդէն վաղուց մաս կը կազմէ այն զինարանին, որմով կը կռուին աշխարհակարգի ուժերը իրենց հիպրիտային (խառնածին) պատերազմներով։
ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ասպարեզ» թերթում:
Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը: