«Արամ Ա. Կաթողիկոս» հայագիտական հիմնարկը իր տարեշրջանը կը փակէ երկու նոր շրջանաւարտներով

Նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին եւ ներկայութեամբ հոգեւոր հայրերու, «Արամ Ա. Կաթողիկոս» Հայագիտական Հիմնարկի ուսուցչական կազմին, ներկայ եւ առցանց հետեւող ուսանողներու, ծնողներու եւ հարազատներու, Երկուշաբթի, 29 Յունիս 2026-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Խորէն Ա. Կեդրոն»ի Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան սրահէն ներս, Հայագիտական Հիմնարկը իր ամավերջի հանդէսն ու շրջաւարտներու վկագիրներու բաշխումը ունեցաւ:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Հիմնարկի տնօրէն Ահարոն Շխրտըմեան: Ան անդրադարձաւ Հիմնարկի առաքելութեան, այս տարեշրջանի ձեռքբերումներուն եւ ապագայի տեսլականներուն: Այս առիթով ան իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին, որ իր հայրապետական հովանաւորութիւնը շնորհելու կողքին՝ իր խրախուսանքն ու աջակցութիւնը տեւաբար կը յայտնէ Հիմնարկին տարած աշխատանքներուն եւ ծրագիրներուն:Ա. Շխրտըմեան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց իր աջակից ուսուցչական կազմին, որուն նուիրուածութեամբ Հիմնարկը իր առաքելութիւնը ապահովաբար յառաջ կը տանի: Աւարտին խօսք ուղղեց շրջանաւարտներուն, որոնք այս օճախին եռամեայ կրթութիւնը ստանալէ ետք, իրենց առածը պիտի ըծայաբերեն իրենց շրջապատին եւ մեր ազգին:

Ապա, շրջանաւարտ դասարանին անունով ուղերձ կարդաց Հելէն Յակոբեան Թօփէեան: Ան յստակօրէն եւ յուզումնախառն ոճով արտայայտուեցաւ այն մեծ ներդրումին մասին, զոր Հայագիտական Հիմնարկը ունեցած է իր կեանքին մէջ. ըստ շրջանաւարտ ուսանողին Հիմնարկը իր ուսանողներուն կը սորվեցնէ տիպար հայեր ըլլալու ուղին, մայրենի լեզուին հանդէպ նախանձախնդրութիւն եւ ազգային մշակութային արժէքներու ու հարուստ ժառանգութեան հետ հարազատ կապուածութիւն: Ան իր խօսքի աւարտին երախտապարտութիւն յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին, Հիմնարկի տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին:

Հուսկ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին ձեռամբ տեղի ունեցաւ վկայագիրներու բաշխումը։ «Արամ Ա. Կաթողիկոս» Հայագիտական Հիմնարկը այս տարի ունեցաւ երկու շրջանաւարտ՝ Նորա Մարտոյեան Պուտաքեան եւ Հելէն Յակոբեան Թօփէեան: Շրջանաւարտները յաջորդաբար մօտեցան Վեհափառ Հայրապետին եւ համբուրելով անոր հայրապետական աջը՝ ստացան իրենց վկայագիրները:

Աւարտին, ներկաներուն օրհնութեան խօսք ուղղեց Վեհափառ Հայրապետը, որ գնահատեց Հիմնարկի տնօրէնութիւնն ու ուսուցչական կազմը՝ իրենց տարած ազգանուէր եւ ժրաջան աշխատանքին համար: Հայրապետը յատկապէս շեշտեց հայ Սփիւռքին մէջ սոյն Հիմնարկին գոյութեան կարեւորութիւնը՝ դիտել տալով անոր եզակի ուսումնական հաստատութիւն ըլլալը: Նորին Սրբութիւնը իր խօսքին մէջ բարձրացուց հայոց լեզուի, մանաւանդ Արեւմտահայերէնի պաշտապանութեան հրամայականը. «Հայագիտական Հիմնարկին մէջ յատուկ կարեւորութեան առարկայ պէտք է դառնայ հայոց լեզուն: Հայերէնը այն չէ ինչ որ էր անցեալին. ան սկսած է աղարտիլ ու աղաւաղիլ: Հայերէնը պահելու ենք մաքուր եւ անաղարտ՝ իր քերականութեամբ, ուղղագրութեամբ եւ լեզուամտածողութեամբ»: Իր խօսքի վերջաւորութեան, Վեհափառ Հայրապետը շրջանաւարտներուն յայտնեց իր գնահատանքն ու շնորհաւորութիւնը:

Ամավերջի հանդէսը իր աւարտը գտաւ Հայրապետին արտասանած «Պահպանիչ» աղօթքով ու յիշատակի խմբանկարով:

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Leave a comment