Սրբոց Թարգմանչաց վարդապետաց ոգով հզորացած՝ Դպրեվանքը բացեց 2026-2027 տարեշրջանի դռները․
«Կիրակի, 11 Հոկտեմբեր 2026-ի առաւօտուն, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Կաթողիկոսին, Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, Սրբոց Թարգմանչաց տօնին եւ Դպրեվանքի 96-րդ կրթական-ուսումնական տարեմուտին առիթով, Դպրեվանքի տեսուչ Գերապատիւ Տէր Պարոյր Ծայրագոյն Վարդապետ Շէրնէզեան մատուցեց Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ եւ յաւուր պատճաշի քարոզեց։
Սուրբ Պատարագի աւարտին, հաւատացեալները, հայրապետական թափօրի առաջնորդութեամբ, բարձրացան Վեհարան, ուր գեղարուեստական կոկիկ յայտագիրէ մը ետք Վեհափառ Հայրապետին պատգամով բացուած յայտարարուեցաւ Դպրեվանքի 2026-2027 կրթական-ուսումնական տարեշրջանը։Սուրբ Պատարագի աւարտին հայրապետական թափօրը, «Ուրախ լեր» շարականի երգեցողութեամբ, ուղղուեցաւ Վեհարանի դահլիճ, ուր իրագործուեցաւ գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր, որ կ՚ընդգրկէր աստուածաշնչական ընթերցում, ասմունք, շարականներ ու ազգային երգեր եւ տեսուչ հայր սուրբի խօսք։Դպրեվանքի կրթական-ուսումնական տարեշրջանի պաշտօնական բացումը իր գագաթնակէտին հասաւ Նորին Սրբութեան հայրապետական պատգամով։Աւարտին, Հայրապետը «Պահպանիչ» աղօթքով օրհնեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը, Դպրեվանքը եւ ներկաները»։