Մեծին տանն Կիլիկիո կաթողիկոսությունից հայտնում են, «Արժէք, աւանդութիւն, ընտանիք»՝
առանցքը Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի պատգամին
Հազարաւոր ուխտաւոր հայորդիներ, Շաբաթ, 15 Օգոստոս 2026-ի երեկոյեան, հաւաքուած էին Սուրբ Աստուածածին Վանքի համալիրին մէջ՝ մասնակցելու ուխտի Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին եւ խաղողի ու մատաղի օրհնութեան, որոնց հանդիսապետեց Սուրբ Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Հայրապետը։
Օրուան պատարագիչն էր Մայր Տաճարի լուսարարապետ Գերաշնորհ Տ. Սիփան Արք. Քէչէճեան։
Սուրբ Պատարագի գեղեցիկ երգեցողութիւնը կատարեց Կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբը՝ Հոգեշնորհ Տ. Զաւէն Վրդ. Նաճարեանի խմբավարութեամբ։
Սուրբ Պատարագի աւարտին, Վեհափառ Կաթողիկոսը, բարձրաստիճան միաբան հայրերու ուղեկցութեամբ, բարձրացաւ խորան եւ կատարեց խաղողօրհնէք ու մատաղօրհնէք։ Ապա, ան յղեց իր հայրապետական պատգամը։
Սուրբ Աստուածածին Վանքի ուխտի օրը աւարտեցաւ համաբերան Տէրունական Աղօթքի եւ «Կիլիկիա» օրհներգի երգեցողութեամբ։ Ապա, Հաւատացեալները Սուրբ Հաղորդութիւն եւ օրհնուած խաղող ու մատաղ ստացան։