Միշել Մըրի այցելել է Արամ Ա կաթողիկոսին. հայ համայնքի հարցերն են քննարկվել

Արամ Ա կաթողիկոսն ընդունել է պատգամավոր Միշել Մըրին.

«Այս առաւօտ՝ Ուրբաթ, 19 Յունիս 2026-ին, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը երեսփոխան Միշէլ Մըրի, իրեն ընկերացող պատուիրակութեան հետ միասին:

Երեսփոխան Մըրի այցելութեան նպատակը իր յարգանքը եւ հայ համայնքին օգտակար հանդիսանալու պատրաստակամութիւնը յայտնել էր Վեհափառ Հայրապետին:

Նորին Սրբութիւնը ողջունելով երեսփոխանին այցելութիւնը՝ յիշեց, թէ անոր մեծ հայրը, որպէս նախարար ու երեսփոխան, տասնամեակներ շարունակ եղած է բարեկամ Լիբանանի հայութեան: Հետեւաբար, Հայրապետը յոյս յայտնեց, որ երեսփոխան Մըր պիտի շարունակէ իր մեծ հօր ազգային ու ծառայական ընթացքը:

Օր մը առաջ, Վեհափառ Հայրապետին այցելած էր ասորի ուղղափառ համայնքի պատասխանատուներէն Հապիպ Աֆրամ, որ Ասորի Ուղղափառ Լիկի նախագահն է եւ միաժամանակ կրօնական ու մարդկային իրաւանց հարցերու խորհրդական՝ Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահին: Նորին Սրբութեան մօտէն ծանօթ ըլլալով՝ Հ. Աֆրամ անդրադարձաւ քրիստոնեայ-իսլամ գործակցութեան եւ քրիստոնեայ համայնքներու Լիկերու միջեւ գործակցութիւնը վերակազմակերպելու եւ ամրապնդելու կարելիութիւններուն: Այս ծիրէն ներս, Նորին Սրբութեան առաջարկով Լիբանանի Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի դիւանապետ Պարոյր Տէր Ղուկասեան նշանակուեցաւ յիշեալ լիկի հայ համայնքի ներկայացուցիչը: Յայտնենք, որ նոյն պաշտօնը երկար տարիներ վարած էր Սէն Ժոզէֆ համալսարանի դասախօս դոկտ. Ժան Սալմանեան»:

Leave a comment