«Անհրաժեշտ է ընդհանրացումներէ խուսափիլ եւ հարցերը քննել տուեալ ընկերութեան կեանքի շրջագիծէն ներս՝ նկատի ունենալով կրօնքի, պետութեան ու ընկերութեան դրուածքներն ու իւրայատկութիւնները»

Այսօր երեկոյեան՝ հինգշաբթի, 5 Փետրուար 2026-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Եւրոպական Միութեան կրօնք եւ պետութիւն յարաբերութեանց պատասխանատու դոկտ. Կոստանդինոս Ալեքսանտրիս, ընկերակցութեամբ Լիբանանի մօտ Յունաստանի դեսպանուհի Տեսփինա Քուքուլոփուլուի:
Ալեքսանտրիս իր պաշտօնին առնչուած յատուկ առաքելութեամբ Լիբանան այցելած էր, Միջին Արեւելեան այլ երկիրներու այցելութեանց շարքին:

Աւելի քան մէկ ժամ տեւած հանդիպման ընթացքին, Վեհափառ Հայրապետը ընդառաջելով իր հիւրին արծարծած շարք մը հարցերուն՝ իր տեսակէտները պարզեց յատկապէս ներկայ ընկերութեան կեանքին մէջ կրօնքի դերակատարութեան, կրօնք-քաղաքականութիւն յարաբերութեան եւ կրօններու միջեւ գործակցութեան զանազան երեսներուն մասին:

Նորին Սրբութիւնը շեշտեց, թէ անհրաժեշտ է ընդհանրացումներէ խուսափիլ եւ հարցերը քննել տուեալ ընկերութեան կեանքի շրջագիծէն ներս՝ նկատի ունենալով կրօնքի, պետութեան ու ընկերութեան դրուածքներն ու իւրայատկութիւնները:

Պրիւքսէլի մէջ իր կեդրոնատեղին ունեցող դոկտ. Կոստանդինոս Ալեքսանտրիս առաջարկեց, որ Վեհափառ Հայրապետին հետ յիշեալ հարցերու շուրջ խորհրդակցութիւնն ու գործակցութիւնը շարունակուի:

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Leave a comment