Թե ինչպես է Թիֆլիսի «Կարմիր Աքլոր»-ը հայտնել ՀՅԴ-ի «մահվան» և «թաղման» մասին

ՀՅԴ անդամ Մերի Մերդխանյանը զուգահեռներ է անցկացրել բոլշևիկների և այսօրվա ՔՊ-ականների՝ ՀՅԴ-ի հանդեպ ցուցաբերած վարքագծի մասին՝ նշելով.

«Ապրիլ, 1921-ին, Թիֆլիսի «Կարմիր Աքլոր» թերթը կը յայտնէր Հ.Յ.Դ.ի «մահուան եւ թաղման» լուրը…

Պատմութիւնը անցաւ…

Կարմիրները թաղումներ կազմակերպեցին եւ …. անցան, գացին…. սիպիրներ աքսորեցին… եւ անցան…

Եկաւ «սպիտակ»ներու նախահայր՝ լտպ: Փակեց, բանտարկեց, արգիլեց.. ուրախացաւ.. անցաւ…

Հիմա եկեր են «սպիտակն»ները.. սուլթաններուն ճորտ, սպիտակ փրփուռներու մասնագէտները…

Իրենց թուրք շէֆերուն կամքով՝ կրնան- եւ հաստա՛տ պիտի- արգիլեն կուսակցութեան գոյութիւնը, փակեն, բանտարկեն… Քանի մը տարի ատով ուրախանան:

Յետո՞յ: Յետոյ իրենց զաւակները մեղայի պիտի գան Հ.Յ.Դաշնակցութեան դիմաց, այնպէս՝ ինչպէս 1937-ականներու աբովներու սերունդները…:

Եւ պատմութեան ընթացքը այսպէս պիտի շարունակուի:

Էհ, ի՞նչ ըսեմ: Աս ալ դաշնակցական յաջորդ սերունդին պիտի փոխանցուի:

ԱԺ ամպիոնը սեփական կուսակցութեան թարախը թափելու եւ թուրքին պահանջները փոխանցելու ամպիոնի վերածած քայլարածներուն խորհուրդ կու տամ Հ.Յ.Դաշնակցութեան «մահազդը» պատրաստելէ առաջ աչքէ անցընել 1920-ականներու իրենց պոլշեւիկ եւ թուրք հայրերու գործունէութիւնը: Իրենց գործը դիւրացնելու համար այս լուսանկարը եւ աղբիւրը կը դնեմ»:

Leave a comment